Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
39. Ա. («Երեկոյեան բալն կը սողար բարդիլ խաւ »)
       Երեկոյեան բալն կը սողար բարդիլ խաւ,
Աստեղազարդ անդունդն հիւսիլ լուռ ու սեաւ,
Տըխո՜ւր ըստուեր, զոր կը ձըգէր իր ետեւ
Լուսափըթիթ օրն սիրայնոց կարճատեւ:
Կը նըշմարուէր հազիւ երկնի կապուտակ
Գմբէթին խոր փալփլող ւ՚ալւոյն ջինջ յատակ
Անդրադարձող գիշերուան աստղն անդրանիկ,
Զոր գրկեցին շուտ Վոսփորեան ջինջ ալիք:
Մառը մտնող արփւոյն մարեր հուսկ շառայլ
Սառնամանուտ սարերու վրայ քայլ առ քայլ,
Ինչպէս հիւծեալ կոյսի մ՚ակնարկ առ դամբան,
Ուր պարեն ցուրտ ծիծաղք սիրոյ դառնութեան,
Ինչպէս եւ իմ դիւթեալ ակնարկս առ արօտ,
Զոր մըթագնեց մառախուղ մի նախանձոտ,
Ւ՚ալ չը կրցի ընդնշմարել էակն ան,
Զոր գգուէին ճաճանչ, զեփիւռ իրիկուան.
Հողմածածան իր շրջազգեստն ու հոպոպք
Դեղձան վարսից գիրգ ուլան շուրջ ոսկի ծոպք,
Կարծես ծաղիկ մ՚էր երազի հիասքանչ,
Կը կոխկըռտէր այն ծաղկալից մարգաց լանջ.
Թողէ՛ք կոխել զի կը փթըթէ աւելի.
Երբոր հովիկն իր այտէն գոյն գեղանի
Եւ իր ամբիծ լանջէն առած քիչ մը հոտ՝
Տանի սփռէ անապատներն աւազոտ,
Ւ՚ահա փթթին ծաղիկներ բիւր առաւել.
Անոր համար ի՞նչ է ծաղիկ փթթեցնել,
Մինչդեռ սիրոյ կէս դիակներ կը յառնեն՝
Երբ սեւ աչքէն սըլաք մ՚ուղղէ բոցեղէն:
       Լուսինն արդէն կը քօղազգէր՝ պըճնէր զինք
Նուրբ ամպիկով, ուսկից ուսան թրքուհիք
Ծածկել իրենց դէմքն հաջաղով նրբաթել,
Անոր նըման տժգոյն ըլլալ եւ դիւթել:
Լուսի՛ն, գըտիր լոյս ցօղելու ցածուն հիւղ,
Ուր գէթ ցամքած է կանթեղին առկայծ իւղ.
Մի՛, մի՛ սորվիր գաղջ արեւէն ձըմեռուան
Մոռնալ հիւղն, ուր ամայի է վառարանն,
Եւ լոկ սրտերն հոն կը մըխան յուսահա՜տ…
Ծագէ հիւղին այն՝ բանաստեղծն ուր աղքատ
Ինք լոյս, կըրակ ոչ մէկն ունի գըրելու.
Սարն իր աստեղց թո՛ղ , դըղեակն ալ ջահերու,
Գընա՛ ցօղել լոյս տընակին այն ցածուկ,
Ուր մայր մը գիրկն առած կայտառ մի մանուկ՝
Ցոյց տալ կ՚ուզէ քեզ Աստուծոյ զերթ պատկեր,
Դու որ միայն սիրահարաց ես լապտեր:
       Տերեւներուն մէջէն արծաթ լի լուսինն
Կը դիտէի՝ ինչպէս որ դէմքն հարս կուսին՝
Երբ կը ծածկէ քօղքն հիմենեան ոսկեթել,
Բայց սա վարդի փոխան գիտէ լոյս փթըթել:
Ալ աստղն աղօտ եւ կարծես թէ աւելի
Երկընքի լուրթ խորը սուզած կը փալփլի,
Եւ վերջալոյսն ալ կը մարի որ դեռ հոն՝
Հրդեհի նման բոցավառէր զհորիզոն:
Եւ դուք՝ կրա՛կք սիրոյ , մարիք շուտ եւ դուք,
Տեւէք ինչպէս վերջալոյսն այս բոցաշուք…:
Արդեօք արեւն այսօր ո՛րքան սիրաբոյր
Կուսից լոյս դէմքն այրեց, ուսկից մեղմ համբոյր
Քաղել դողաս, կը վախնաս թէ կը թօշնի
Իր այտերուն վառ վառ վարդեր գեղանի:
Թաւուտք այսօր շուքերնուն մէջ առանձին՝
Խորհրդաւոր ի՜նչ փըսփըսուք լըսեցին,
Ի՜նչ խոստումներ, ի՜նչ մրմունջներ սրտմաշուք,
Իսկ դո՞ւք, մացա՛ռք, հովանոցա՛կք, ա՜հ, իսկ դուք. ՞. ՞. ՞:
Ո՜հ հովանի՛ք, թաւո՛ւտք, խորշե՛ր անմարդի՝
Ուր դայլալիկ թռչնոյ, խորշիւն սաղարթի
Եւ երբ լըսուի շրջազգեստի մը շրշիւն
Չոր տերեւոց վըրայ՝ սըփռէ զորս աշուն,
Երբ շուքին տակ կոյս մ՚առանձին ընէ ման,
Եւ տերեւոց ետեւ դողամ անոնց նման,
Որ չըլլայ թէ դիպիմ աչքին բոցեղէն,
(Պէ՞տք է դողայ միթէ տերեւն արեւէն)
Երբ ծիծառնուկն ինձ հետ հեծէ աղեկէզ,
Ո՜րչափ ատեմ քաղքին ժխորն, սիրեմ Ձեզ:
       (Հիւանդութեանս պատճառաւ ընդհատուած)
       <1871>