Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

20. «ՄԱՆԶՈՒՄԷԻ ԷՖՔԵԱՐԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ

[Կ. Պոլիս, 13/26 մայիս, 1901]

Յարգելի խմբագրութիւն Մանզումէի էֆքեարի

Իգտամին անցեալ չորեքշաբթի օր իմ մասիս հրատարակած մէկ լուրը ձեր այսօրուան թիւին մէջ կ՚արտատպէք եւ այս առթիւ իմ անձիս համար համակրութիւն կը յայտնէք, որ այդ խնդրոյն վրայ նոյն թերթին ուրբաթ օրուան թիւին մէջ հրատարակուած հերքումը չի կարդացած ըլլալնուդ մասին գանգատի իրաւունքս կորսնցուցած ըլլալ կը կարծեմ:

Իրաւախոհութեան թուղթին պաշտօնական պատճէնն որ հրատարակուեցաւ հոն` ցոյց կուտայ որ իրաւախոհութիւնը նոյնիսկ զիս փոխանորդող Հրէային կողմէն ստորագրուած է. ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ուրեմն որ ես իբրեւ փոխանորդ, իրաւախոհ եղած ըլլամ, եւ այս ալ իրմէ գաղտնի:

Իրաւունք ունիք ուրեմն [հաւատ] չընծայելու ասանկ խօսքի մը, որուն սուտ ըլլալը ուրբաթ օրուընէ ի վեր հաստատուած է արդէն:

Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ըսեմ ասկէ աւելի. թէ հանրային կեանքի խառնուած մարդիկ, մանաւանդ անոնք որ իրաւունքով կամ առանց իրաւունքի, անունի մը տէր են, շատ անգամ զրպարտութեանց առարկայ կ՚ըլլա՜ն. շատ յեղյեղուած խօսք մը ըսած պիտի ըլլամ: Ցաւի՞մ որ զիս փոխանորդող Հրէան ասանկ անպատկառ եւ յանդուգն զրպարտութիւն մը ըրեր է ինծի դէմ. ի՞նչ իրաւունքով, երբոր ամեն մարդու դէմ հազար տէսակ չարագործութիւն տեղի կ՚ունենան ամեն օր. մի՞թէ ես առանձնաշնորհեալ էա՜կն եմ որուն դէմ արտօնեալ չէ յանիրաւի բան մը ընել. միթէ գիշերը ճամբուն վրայ գողի մը չէ՞ի կրնար հանդիպիլ. մարդասպան մը դէմս չէ՞ր կրնար ելլել. զրպարտիչ մը ունեցայ ես իմ մասիս: Ասով իմ չնչին բաժինս առած կ՚ըլլամ եւ գոհ կը մնամ դարձեալ. մանաւանդ որ առիթ մը եղաւ ասիկա` ձեզի պէս շատ մը ինծի համակրողներէն, բարեկամութեան նոր ապացոյց ստանալու:

Մնամ յարգանօք

Գ. ԶՕՀՐԱՊ