Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

162. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Պրիւքսէլ, 16 օգոստոս, [1910, երեքշաբթի]

 

Անուշիկ հոգիս,

Այսօր նորէն տօն է. Աստուածածին մը, որ չի վերջանար. սովորութիւն է որ բանայիրները քանի մը օր տեւին:

Հեռագրէն իմացած էք արդէն. երէկ գիշեր Expositionի գլխաւոր մասը այրուեցաւ, պելճիքական եւ ֆրանսական բաժինները մոխիր դարձան: Բարեբաղդաբար երէկ մենք ալ ճիշդ այդ երկու մասերը պտըտեր էինք ու գերմանականը եւ հոլանտականը այսօրուան ձգեր էինք: Ամբողջ Պրիւքսէլը ցաւի ու սուգի մէջ է, թէեւ փողոցները նորէն բազմութեամբ լեցուն են:

Այս carte postale-ին [1] մէջի արձանը անմեղ տեղը մահուան դատապարտուած ու կախուած երկու անձերու արձանն է: Ատոր վրայ է, որ Պելճիքայի մէջ մահուան պատիժը ջնջուած է:

Շատ մը պաչիկներ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Փօստային բացիկ