Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

298. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Հալէպ, 21 յունիս [4 յուլիս], 1915, կիրակի

 

Սիրական կինս, հոգիս, քաջ եղիր, մի՛ յուսահատիր,

Ներփակեալ գիրը, օրինակը առնելէ վերջը, եթէ կարելի է նէ Նէճմէտտին Մօլլան կամ Հալաճեանը կամ Տիլպէրը միասին, եթէ չըլլայ նէ, առանձին, Խալիլ պէյին յանձնես. ասկէ առջի գիրս, որ Նազըմ պէյը բերաւ, ան ալ հարկաւ յանձնուեցաւ իրեն:

Այս հիմակուան գիրին գերմ. թարգմանութիւնն ալ պէտք եղած տեղը աղջիկներս թող երթան, յանձնեն եւ պաշտպանութիւն հայցեն: Յոյսը հոն է. ան կրնայ զմեզ փրկել: Հոն աշխատելէ վայրկեան մը դադրելու չես:

Ես Տիարպէքիրի մէջ արդարութիւն պիտի գտնեմ տէյի յոյսը չունիմ. չեմ գիտեր հոս քանի օր պիտի մնամ. կարելի է 4-5 օր եւս. ինքզինքս Աստծոյ յանձներ եմ:

Ամենիդ կը համբուրեմ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Հոս եկած ատենս կշռուեցայ. 72 քիլօ կը կշռեմ կոր: Պոլիս 82 քիլօ էի. ոսկորներս կը համրուին կոր, բայց կեանքս պահպանելու կ՚աշխատիմ կոր:

Եթէ Խալիլ պէյը վերջնական եւ հաստատ խօսք տայ, պատուոյ խօսք թէ մեզի վնաս չի պիտի գայ, ինծի հեռագրէ` մահիմ բէրքէ տիր [1]:

Եթէ հոս նեղութեան մէջ գտնուիմ, կը հեռագրեմ` փարա զորլում վար [2], եւ դուն իսկոյն կ՚աշխատիս:

Եթէ վերի քովի դրացիէն ալ խօսք առնիս, հաստատ խօսք մը, հեռագրէ` մէրաք էդմի էյի ըք [3]:

. Զ. ]



[1] Ապահով է։

[2] Դրամի կարիք ունեմ։

[3] Հոգ մի՛ արա, հանգիստ ենք։