Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. [ՄԱՂԱՔԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻՆ]

 

Կ. Պոլիս, 27 փետրուար, 1901

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հա՛յր,

Այն տղեկը` որուն մասին բարեխօսեր էի Ձեր Բարձր Սրբազնութեան քով, Գառնիկ Ապաճեան կը կոչուի. մայր մը ունի միայն, որուն անունը Մաքրիկ է. իսկ հօրմէն որբ է, ինչպէս յայտնեցի Ձեր բարձր Սրբազնութեան:

Այս տեղեկութիւնները մատուցանելուս առիթով պիտի համարձակէի Ձեր բարձր Սրբազնութեան հայրական թոյլտուութեան եւ ներողամտութեան մեծութիւնը գիտնալով խնդրել որ յանձնարարագիրը բռնադատիչ, այսինքն այս տղեկին ընդունելութիւնը անպատճառ ուզելնիդ յայտնելու ձեւով ըլլայ, եթէ կարելի է. յետոյ, նախ` բոլորովին ձրի ընդունուիլը ուզուի յանձնարարագրին մէջ եւ միմիայն այս շնորհը անկարելի եղած ատեն` կենսաթոշակի առաջարկութիւնը նշանակուի:

Կրկին եւ կրկին ներողութիւն հայցելով եւ այժմէն ներկայացնելով իմ բոլոր երախտագիտութեանս հաւաստիքը, մնամ

Ձեր բարձր Սրբազնութեան ամենախոնարհ որդի

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ