Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

18. [ՄԱՂԱՔԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻՆ]

 

Կ. Պոլիս, 27 փետրուար, 1901

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հա՛յր,

Այն տղեկը` որուն մասին բարեխօսեր էի Ձեր Բարձր Սրբազնութեան քով, Գառնիկ Ապաճեան կը կոչուի. մայր մը ունի միայն, որուն անունը Մաքրիկ է. իսկ հօրմէն որբ է, ինչպէս յայտնեցի Ձեր բարձր Սրբազնութեան:

Այս տեղեկութիւնները մատուցանելուս առիթով պիտի համարձակէի — Ձեր բարձր Սրբազնութեան հայրական թոյլտուութեան եւ ներողամտութեան մեծութիւնը գիտնալով — խնդրել որ յանձնարարագիրը բռնադատիչ, այսինքն այս տղեկին ընդունելութիւնը անպատճառ ուզելնիդ յայտնելու ձեւով ըլլայ, եթէ կարելի է. յետոյ, նախ` բոլորովին ձրի ընդունուիլը ուզուի յանձնարարագրին մէջ եւ միմիայն այս շնորհը անկարելի եղած ատեն` կենսաթոշակի առաջարկութիւնը նշանակուի:

Կրկին եւ կրկին ներողութիւն հայցելով եւ այժմէն ներկայացնելով իմ բոլոր երախտագիտութեանս հաւաստիքը, մնամ

Ձեր բարձր Սրբազնութեան ամենախոնարհ որդի

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ