Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

268. [ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀԱՃԻ ԱՏԻԼ ՊԷՅԻՆ]

 

Թարգմանութիւն

[Կ. Պոլիս, ] 4 մարտ, 1913

Վսեմաշուք Տէր,

Գիտնալով հանդերձ որ Հայոց Հողային խնդրոյն վերաբերեալ հարց մը կառավարութեան ներկայելը՝ լրբութիւն եւ արդար լուծում մը ձեռք բերելու յոյսը տածելն ալ պարզամտութիւն է, սակայն երկու հարիւր քառասուն տունէ բաղկացած խոշոր գիւղի մը աղերսը լսելի ընել տալու աշխատող գրաբեր Քահանայ Հօր խնդրանքը մերժել կարելի չեղաւ, ուստի զինքը Ձեր Վսեմութեան ներկայացնելու եւ Ձեզ ձանձրոյթ պատճառելու համարձակութիւնը կ՚ունենամ։

Խնդիրը կալուածագրերով նուիրագործուած սեփականութեան իրաւունքի մը պաշտպանութեանը մէջ կը կայանայ եւ թէեւ շատ պարզ է, սակայն Պետական Խորհուրդը զայն կնճռոտած է։ Եթէ սահմանները ճշդուած են այսպէս կ՚ըլլայ, եթէ ճշդուած չեն այնպէս կ՚ըլլայ ըսած է։ Նկատելով որ, ըստ բացորոշ տրամադրութեան հողային օրինաց, գետնի մը սահմանն է որ նկատի կ՚առնուի եւ ոչ թէ քանակը, ներելի չէ սահմաններուն ճշդուած կամ չճշդուած ըլլալուն համաձայն՝ օրինական տրամադրութիւնները փոխել։ Դատարաններու եւ պաշտօնատանց գործողութիւններն ալ որոշապէս սահմանները յարգելու ձեւով է որ կը կիրարկուին։ Սակայն Պետական Խորհուրդը, քմածին կերպով մը գիւղացիներուն իրաւունքը ոտնակոխ ընելու միջոց մը ընտրած է։ Պետ. Խորհրդոյ այս որոշումը շատ ցայտուն կերպով կուգայ ապացուցանել թէ հինէն ի վեր հետապնդուած քաղաքականութիւն մըն է Հայոց սեփական հողերը իրենց չյանձնել, եւ հաստատել թէ միշտ իսլամին պաշտպանութիւն ընել կը ձգտի կառավարութիւնը, որ պարտաւոր է չէզոք դիրք բռնելու իսլամ եւ  ոչ իսլամ օսմանցիներու միջեւ տեղի ունեցող տնտեսական պայքարին մէջ։ Ժամանակին Երեսփ. Ժողովոյ մէջ մէկէ աւելի անգամներ ըսած եւ կրկնած եմ թէ այդ մտայնութեամբ առաջնորդուած իշխանութեան մը վախճանը բնաւ երբեք լաւ չի կրնար ըլլալ։ Նոյնը այս առթիւ ալ Ձեր Վսեմութեան կրկնելու համարձակութիւնը կ՚ունենամ։

Եթէ կառավարութեան կողմէ հետապնդուած քաղաքականութեան մասին իմ ունեցած համոզմանս մէջ տա՜յր Աստուած կը սխալիմ, եւ եթէ Հայոց համար արդարութիւն ձեռք բերելու պզտիկ կարելիութիւն մը կայ տակաւին, կը խնդրեմ որ՝ իբր լաւագոյն սկզբնաւորութիւն մը՝ հաճիք այդ կարելին գործնականապէս արդեամբ ցոյց տալ սա խեղճ գիւղացիներուն գործին մէջ, եւ այս առթիւ ընդունիլ խորին ակնածանացս հաւաստիքը։

ԶՕՀՐԱՊ