Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. [Մաղաքիա Օրմանեանին]

Կ. Պոլիս, 20/2 դեկտեմբեր, 1899

 

Ամենապատիւ Սրբազան Հայր,

Վանայ Վարագայ Վանուց սպասաւորներէն Գասպար կամ Գաբրիէլի մահուան դատապարտութեան մասին Վանայ Եղեռնադատ ատեանէն տրուած վճռագիրը եւ Առաջնորդարանին խրկած դիտողագիրը կարդացի:

Աչքի զարնող առջի բանը վերոյիշեալ Ատեանին առջեւ ամբաստանեալը պաշտպանելու համար կարգուած փաստաբանին իր պարտքը կատարած չըլլալն է։ Այս դժբաղդ վճիռը պէտք է վերագրել մեծ մասով եթէ ոչ ամբողջովին իր պարտազանցութեանը: Դիտողագրին մէջ մանրամասն բացատրուած պաշտպանութեան միջոցներէն եւ ոչ մէկը փաստաբանը յառաջ բերած չէ իր պաշտպանութեան մէջ եւ գէթ թելադրած չէ ամբաստանեալին: Տգիտութեա՞ն թէ ուրիշ բանի արդիւնքն է այս. չեմ գիտեր:

Առաջնորդարանին դիտողութիւնները ամենամեծ մասով օրինաւոր են, մանաւանդ մէֆաս-խիյէթի օրինական պայմանաժամին չի յարգած ըլլալուն, հապճեպով վճիռ տրուած ըլլալուն, պէտք եղած քննութիւնները կատարած չըլլալուն վերաբերող դիտողութիւնները:

Ասոնց առաջինը մանաւանդ կը բաւէ բեկանել եւ չեղեալ նկատել տալ վճռագիրը:

Հիմա որ թուղթերը Պոլիս եկած ըլլալու են, պէտք է հոս գործին հետապնդել եւ Վճռաբեկ ատեանի Ընդ. դատախազութեան մօտ ամեն ձեռնարկ ընել, որպէսզի Ընդ. Դատախազութիւնն ալ իր կողմէ բեկանում պահանջէ. բան մը զոր ընել տալ կարելի է:

Պէտք է շուտով ուրեմն գործին ի՛նչ թուականով հոս խրկուած ըլլալը ստուգելով թուղթերը փնտռել եւ Ընդ. դատախազին տալ. անոր միւթաալանամին տալէ առաջ որպէսզի այդ միւթաալանամեն ամբաստանեալին դիտողութեանց օրինաւոր ըլլալը հաստատէ. այդ մասին պէտք է բերանացի դիմումներ ալ ընել Ընդ. դատախազին:

Վերջապէս, պէտք է գործը Վճռաբեկ ատեանին գացած եւ քննութեան ենթարկուած ճիշդ ժամը գիտնալ եւ հո՛ն ալ դատաւորներուն բերանացի հասկցնել խնդիրը եւ արդարութիւն խնդրել:

Կարծեմ այս կերպ աշխատութիւնով մը բեկանումը կրնայ յաջողցուիլ:

 

Մնամ խոնարհ որդի Ձեր բարձր Սրբազնութեան

Գ. ԶՕՀՐԱՊ