Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

306. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Հալէպ, 2/15 յուլիս, 1915, հինգշաբթի իրիկուն

Սիրելի հոգիս,

Մեզի շաբաթ օր պիտի մեկնիք ըսեր էին. ես ալ երկու գիր պատրաստեցի քեզի. ուրբաթ առտու (վաղը առտու) պիտի մեկնիք ըսին. trainը [1] վաղն է եղեր. ի՛նչ ընենք, այդպէս թող ըլլայ:

Սա ներփակեալ նամակը Խալիլ պէյին ցոյց տալէ եւ անոր կամքը հարցնելէ ետքը դուն եւ աղջիկներս միասին առ եւ Թալաթ պէյին տար կամ տունը կամ պաշտօնատունը. հարմար կ՚ըլլայ որ պաշտօնատուն երթաք. Խալիլ պէյն ալ հոն կը գտնուի:

Նամակը յանձնէ եւ աղաչէ. եթէ հաստատ խօսք տայ, ամուսինդ պիտի փրկես ըսէ` Տիլէմիշ քիւմլէթին րահաթըզ սէնտէ րահաթ օլ [2] հեռագիր մը տուր:

Ես այստեղի վալի Պէքիր Սամի պէյին ձեռքովն ալ Թալաթ պէյին նամակ մը գրեցի. չեմ գիտեր առաւ թէ ոչ. անիկա քու նամակէդ առաջ ձեռքը պէտք է հասած ըլլայ: Ամենքնիդ դարձեալ կը համբուրեմ. աղօթեցէք, աշխատեցէք.

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Կտակս ալ այս նամակիս մէջ դրի. մի՛ յուզուիք:

 

 

ԱՍԻԿԱ ԻՄ ԿՏԱԿՍ Է

 

Կը պատուիրեմ կնոջս եւ զաւակներուս որ յարգին անոր տրամադրութիւններն, որոնք իմ վերջին կամքս կը ներկայացնեն։

Յօդ. Ա. Իմ բոլոր ունեցածս մօտաւորապէս հետեւեալներն են.

1. Ապահովագրութիւնս 71000 ֆրանք, ուրկէ պէտք է զեղչել ընկերութեանս 400 ոսկի պարտքս,

օսմ. ոսկի

Այս ապահովագրութեան ի դէպ մուծ[ուած] զուտ արժէքն է ……………………2600

2. Արժեթուղթեր

250 հատ բաժնեթուղթ օսմ. սիկիւրթա ընկերութեան………………………………1250

50 հատ բաժնեթուղթ Օսմ. պանքայի…………………………………………………1500

Թիւը չեմ յիշեր. բաժնեթուղթ եւ հիմնադրի բաժնեթուղթ

Թաքսիմի հողի ընկերութենէն . Սալէմէն մաս մը հիմնադրի բաժնեթուղթ կ՚ուզեմ)………………………………………………………………………………………2000

3. Րահիպ փաշայի կնոջ վրայ կուրտաժով ապահովուած առնելիքս……………1800

(1200 ոսկի (1 ա. ) սէնէթով առնելիքս նէօմէտէն եւ Ասճեան էֆ. Արշակին ունեցած պարտքէս մեծ է)

4. 7000 ոսկի օսմ. կառավարութենէն. սէնէթը Գայսէրլեանին անունին է. Գայսէրլեանէն թուղթ ունիմ. (3 ա. ) չեմ գիտեր ինչ պիտի արժէ կ՚ենթադրեմ գոնէ ……3500

5. Բաշիքօճի Արուսեակ քրոջմէն ըստ պայմանագրութեան 2000 ոսկիի կայ իմ վարձքէս…………………………………………………………………………………………500

6. 5 միլիոն ղրշ. (1 ա. ) որոնց համար վճարած եմ 5500 ոսկի. չեմ գիտեր ինչ պիտի արժէ կ՚ենթադրեմ գոնէ …………………………………………………………………………2500

15650

7. Պ. Սալէմէն մօտաւորապէս 120 ոսկի իբրեւ փաստաբանական վարձքի բաժին Թաքսիմի հողի ընկերութեան …………………………………………………………………120

8. Ատանայի հողէն (Ճիկանի ագարակ) կէսը. արժէք ճահիճ չորցնելու գործն ալ թէեւ լմնցած, բայց ատիկա անյոյս է. (1 ա. ) պէյը ատկէ եղած ծախուց կէսը վճարած է. գործը չի յաջողելուն համար իր ստակ պահանջելու իրաւունք չունի ………………………………1000

9. Ատանա քաղաքին մէջ կայարանին հող………………………………………………300

10. Տանս եւ գրասենեակիս կարասիքն……………………………………………………1000

11. Գիրքերս………………………………………………………………………………………100

Մօտաւորապէս օսմ. ………………………………………………………………18170

 

Յօդ. Բ. 1. Մահմուտ Նէտիմ պէյին 200 ոսկւոյ չափ պարտք ունիմ. վճարուի ուրիշ մանր մունր պարտքեր ալ (տան ծախք). ուրիշ պարտք չունիմ։

2. Վահանիս պարտք ունենալու եմ. բուրդի գործին հաշիւն ճշդելով, անոր պարտք վճարուի։

Յօդ. Գ. Այս ամենը հաշուելով արդիւնքէն 2000 ոսկի առնուի եւ իմ յիշատակիս բարեգործական նպատակի մը յատկացուի։

Յօդ. Դ. Տան կարասիքներս կ՚ուզեմ որ կնոջս սեպհական մնան, որպէսզի մեր բոյնը չաւրուի եւ զաւակներս իր շուրջը բոլորուին։

Յօդ. Ե. Մնացածը կ՚ուզեմ որ կինս հաւասար բաժնի, բաժնուելով՝ թէ՛ կինս, թէ՛ ամեն մէկ զաւակս մէկ բաժին ստանայ։

Թէ՛ Շէրիի օրէնքին մէջ, թէ՛ ապահովագրութեանս թուղթին մէջ այս հաւասար բաժանումի հակառակ եղող տրամադրութիւններէն պէտք չէ որ զաւակներս օգտուելու ելլեն։

Յօդ. Զ. Կը պատուիրեմ զաւակներուս որ իրարու հետ սիրով ըլլան, ներողամիտ ըլլան, իրարու հասնին եւ միշտ իրենց մայրը յարգեն եւ սիրով ու գուրգուրանքով շրջապատեն զինքը։ Մոռցնել տան իմ կորուստս։

Յօդ. Է. Կը խնդրեմ կնոջմէս որ ներէ ինծի. շատ վշտացուցեր եմ զինքը, բայց շատ շատ ալ սիրած եմ. զաւակներս եւ կինս, ահա իմ միակ կարօտութիւնն, ուսկէ զատուելուս պիտի ցաւիմ. անոնց գրկին մէջ հոգի՜ս տալ, ինչ ուրախութի՜ւն. չեմ գիտեր թէ Աստուած այս բաղձանքս պիտի՞ կատարէ։

Հալէպ, 2/15 յուլիս, հինգշաբթի
Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Զատ գործ

Պանք օթոմանին մօտ ունիմ 10000 քօնսօլիտ եւ 200 սիկիւթայի թուղթ. ասոր փոխարէն պաքարէ կը պարտիմ 8000 ոսկի (կարծեմ)։ Պատերազմի առթիւ քօնսօլիտի եւ բոլոր արժեթուղթերուն անկումովը այս գործէն բաւական մեծ տարբերութիւն մը, պարտք մը յառաջ կուգայ կոր։ Ջանալու է որ Ճաւիտ պէյի ձեռքովը ալ մենէ ստակ եւ տարբերութիւն չի պահանջեն։

Զգոյշութեան համար իմ բոլոր ունեցածս միշտ կնոջս անուան ցոյց տալու է, որպէսզի չարութիւն ընելու սեքուէսթէռ դնելու կարող չըլլան։

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Գնացք

[2] Ընտանեօք հանգիստ ենք, դու էլ հանգիստ եղիր։