Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

121. ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ

Կ. Պոլիս [1] 14 օգոստ, 1908

Տիկի՛ն,

Թուրքիան ճշմարիտ Սահմանադրութեան մը բարիքը վայելելու անակնկալ բաղդը ունի այսօր: Մամլոյ ազատութիւնը կատարեալ է: Թուրք հայրենակիցներնիս ամեն բան ըրին եւ ամեն անկեղծութիւն ցուցուցին մոռցնել տալու համար անցեալի յիշատակը:

Մեր ազգին համար անհուն մեծարանք եւ համակրութիւն կը տիրէ ամենուրեք: Բայց ո՞ւր է մեր ազգը. մեր մտաւորականները, մեր փողի մարդիկ բացակայ են: Մինչդեռ թուրքերը իրենց բոլոր մտքի եւ փողի արժէքը հոս կը հանին, անսահման խանդավառութեամբ մը գործի կը ձեռնարկեն, մենք ոչինչ ընելու կարող ենք, վասն զի զարգացեալ հայութիւնը հոս չէ:

Նոր Օր անունով լրագիր մը հրատարակելու վրայ եմ: Այս գաղափարը յղանալուս հետ մէկտեղ իսկոյն ձեզի յիշեցի. Տիկի՛ն, կ՚ուզէ՞ք Պոլիս դառնալ, իմ կազմելիք խմբագրական մարմնիս մասնակցիլ: Չեմ համարձակեր ըսել գրկաբաց պիտի ընդունիմ ձեզի, որովհետեւ Տիկին մըն էք. բայց այս բառին բոլոր իմաստովը ձեր գործակցութիւնը սիրով պիտի ողջունիմ:

Եթէ չէք կրնար Պոլիս գալ` կ՚ուզէ՞ք շաբաթը մէկ կամ երկու մէկ colonneի [1] չափ գրական յօդուած մը կամ fantaisie մը խրկել: Աւելորդ է ըսել որ եթէ ո՛չ արժանի ձեր կարողութեան եւ տաղանդին, զոր շա՛տ կը գնահատեմ, բայց իբրեւ չնչին նուէր մը` գոհացուցիչ վճարում մը պիտի ըլլայ ձեր աշխատութեան փոխարէն:

Բայց շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ Պոլիս դառնայիք, ուր մեծ յաջողութիւններ կ՚սպասեն ձեզի եւ որուն համար իմ բոլոր ոյժս ալ ի հարկին գործածելու պատրաստ եմ: Վայրկեան մը մի՛ կորսնցնէք:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Յարգանքներս ձեր ազնիւ ամուսնոյն:

Գ. Զ.



[1] Սիւնակ