Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

233. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 27 սեպ., 1911, չորեքշաբթի իրիկուն

Անուշիկ, սիրական կնիկս,

Այս առտու նամակ մը գրած էի: Ետքէն իմացայ որ տղաքը նորէն զքեզ կը նեղեն կոր. արդէն վերջին գրածդ նամակդ ալ անանկ բան կ՚զգացնէր կոր:

Վահանը աբարթըման կ՚ուզէ, Տօլլին Ժնեւ երթալ կը փափաքէ, միւսը` չեմ գիտեր ինչ:

Այդ էֆէնտիներուն եւ հանըմներուն ըսէ իմ կողմէ որ ատ բաները քեզի կամ ինծի ըսելնին անգամ աւելորդ է: Անոնց տունին մէջ գտնուելէն` մենք կռիւէն, անկիրթ խօսքերէն զատ բան մը տեսած չունինք: Ուստի հասկցուր որ ազատ են բոլորովին իրենց կամքին համեմատ շարժելու այդ մասին: Բայց հասկցո՛ւր նաեւ որ կը պահանջեմ որ ամենքը վերջ մը դնեն իրենց capriceներուն [1], անկրթութիւններուն. ա՛լ ատոնցմէ եւ ոչ մէկին դէմ համբերութիւն չի պիտի ցուցնեմ: Իս սատեղ 5-6 տարի կեանքս մնացած է. ատ անպիտաններուն համար հոգի մաշեցնելու միտք չունիմ: Դուն ալ վէճ մի՛ ըներ. ես արդէն գալուս պէս գիտեմ ընելիքս. ամենուն տունին մէջ տղաքը ինչպէս կը վարուին նէ` անանկ պիտի վարուին: Իմ երեսիս, ինծի դէմ անկրթութիւն չեն կրնար ընել: Բայց կ՚երեւայ որ քեզի դէմ ուզածնին կ՚ընեն կոր եւ կ՚ըսեն կոր. տունս ալ օթէլի վերածեր են. որը 5ին կերակուր կ՚ուզէ, որը 7ին, որը կէսգիշերին, որը (1 ա. ֆր. ) կ՚ուզէ, որը` (1 ա. ֆր. ) որը կառքով պտոյտի կ՚ելլէ, որը ձիով, որը սանտալով. ո՞ւրտեղ աս աստիճան քէյֆերնին ընել, կամքերնին կատարել եղած է: Ես ամենքը իրենց տեղը կը դնիմ գալուս պէս, բայց հոս ալ զիս բարկացուցին, եւ հետերնին պիտի տեսնուիմ: Սա նամակս կարդա իրենց: Ալ կ՚օգտէ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Քմահաճոյք