Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

88. ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ

[Բարիզ, 27 մայիս, 1908]

 

Սիրելի բարեկամս Արամ էֆ. Անտոնեան,

Մտաւորական հանգիստը որուն շատ պէտք ունիմ, թէ որ ունենամ` Բարիզի կեանքէն քանի մը էջ բան 8-10 օր վերջը կը ջանամ խրկել քեզի:

Այսօր` մտքիս ոչ թէ հանգստէն այլ անհանգստութենէն բղխած չնչին ոտանաւոր մը կը խրկեմ Լոյս իդ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ