Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

174. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Օսթանտ], 23 օգ., 1910, երեքշաբթի առտու

Անուշիկ հոգիս,

Ամպոտ օր մը. կ՚երեւայ թէ այս քաղաքը արեւի երես չի տեսներ. գիտնանք մեր Պոլսոյ արեւին յարգը. յետոյ կանանչ, մռնչող ծով մը, որ որքան ալ մեղմ ձայն հանէ ձայն չի հանած վայրկեան չունի նորէն անախորժ եւ վախցնող բան մը ունի:

Շատ մը պաչիկներ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Այս քառթին վրայ նկարուած սրահը պարապ է: