Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

218. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Լոնտոն], 14 սեպտ. [1911] հինգշաբթի

Անուշիկ հոգիս,

Երէկ գիշեր բարեկամի մը հետ ճաշեցի եւ թատրոն գացի. տեսակ մը variété, բայց շատ աղուոր:

Տեսնուելիք բան, 5 հատ phoque [1] բերին բեմին վրայ: Phoque գիտես. բեւեռային ծովերու մէջ կը գտնուի. ամբողջ իւղ, կէս ձուկ կէս շուն տգեղ, բայց պատկառելի կերպով տգեղ, մեծ բերանով եւ ակռաներով ոյժով կենդանի մըն է որ թէ՛ ծովին վրայ կ՚ապրի, թէ ցամաքին: Գերմանացի կին մը ատոնցմէ 5 հատը կրթեր է, այնպիսի ճարպկութիւններ սորվեցուցեր է, որ մարդս ամեն չի կրնար ընել. պզտիկ խաղալու գնտակներ կան, քիթին վրայ վեր կը նետէ եւ նորէն քիթին վրայ կը բերէ. հեռուէն քիւլահ մը կը նետէր, գլխուն վրայ կը նստեցնէ` առանց ձեռքը գործածելու. երկու ծայրը վառած փայտ մը կուտայ, ձեռքովը վեր կը նետէ, կը դարձնէ, կը բռնէ: Ո՞ր մէկը պատմեմ: Իրաւցնէ շատ զուարճալի էր: Խեղճերը շատ անօթի էին յատկապէս. ամեն մէկ խաղը կատարելուն գինը` մէյ մէկ ձուկ կը նետէր կոր բերաննին: Ձեռք ըսածն ալ մատ չունի, այլ լայն, միակտուր թաթեր են: Գոյներնին սեւ, փայլուն, իւղի տակառներու պէս կենդանիներ:

Ժամը 11 1 / 2 դարձայ պառկեցայ: Բայց կ՚երեւայ թէ շատ énervé [2] եմ. ժամը 3ին արթնցայ. կրնաս աչքդ գոցէ: Ժամ մը դարձայ անկողնին մէջ, վերջապէս լոյսը վառեցի, կարդացի, մինչեւ որ յոգնած քունս տարեր է: Առտուն 6ին ելայ: Պանքօս առի, նախաճաշ մը ըրի, 2 հաւկիթ, եւ հիմա Հերմինիս պիտի երթամ:

Ես մինչեւ երեք[շաբթի] չորեք[շաբթի] հոս եմ, կարելի է աւելի: Մարդու մի՛ ըսէք Լոնտրա ըլլալս. Արշակին ալ ապսպրէ: Եթէ Լոնտրա է` ըսեր էք, Բարիզ դարձաւ ըսէք:

Պաչիկներ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Փոկ

[2] Գրգռուած, նեարդայնացած