Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

130. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Կ. Պոլիս, 20 յուլիս, 1909

Սիրելի բարեկամ,

Դիպուածով ձեռքս անցաւ Courrier Européen անունով Բարիզ հրատարակուած ամսաթերթի մը յուլիսի թիւը որուն մէջ զզուելի ու աղտոտ վատահամբաւութեան փորձ մը եղած է անձիս դէմ: Հեղինակը թուրքաց Union et progrèsի քօմիթէին հետ կապ ունեցող Ֆրանսացի մը կը թուի ըլլալ: Այս անամօթ յարձակումին վրայ չեմ զարմանար եւ հոգս չի պիտի [ընէի] բնաւ եթէ ամսաթերթը Cabriel Léailly et Charles Ligrobesի պէս հեղինակաւոր անուններ չի կրեր իր ծածկոյթին վրայ: Այս պատճառով եւ քիչ մըն ալ անոր համար որ Պոլսոյ հայոց առաջին երեսփոխանին պատիւը բոլոր Պոլսոյ հայոց պատիւը ըսել է, մտածեցի որ քեզի կ՚իյնար իբրեւ ամենէն անուանի հայը ֆրանսական ոստանին մէջ մէկը որ յանուն հայութեան ձայն բարձրացնելու իրաւունք ունի պատասխան մը խրկել այդ ամսաթերթին: Ատիկա ամենէն հեշտ պիտի ըլլայ քեզի համար որ զիս կը ճանչնաս այսքան տարիներէ ի վեր. եւ կը յիշես թերեւս որ նոյնիսկ վերջին անգամ Բարիզ գտնուած միջոցիս Համիտէն վարձուած ֆրանսական գաղտնի ոստիկանները ամեն մէկ քայլիս կը հետեւէին, այնքան որ Շիրվանզատէի, Չէրազի հետ տեսնուելէ զրկուեցայ:

Այդ գարշելի յօդուածին հեղինակը կ՚ըսէ թէ Եըլտըզ բանտարկուած միջոցիս ռուսական պաշտպանութիւնը չի հայցեցի, որովհետեւ Համիտի պաշտպանեալն էի տարօրինակ պաշտպանեալ որ գիշերանց կալանաւորուած ու բանտ առաջնորդուած էր. ռուսական պաշտպանութիւնը invoquer [1] չըրի, վասնզի օրինական կերպով juridiquement [2] չէի կարող ընել, ռուսական դեսպանատան avocat conseil [3] անուանուած ըլլալով ռուսական հպատակ կամ protégé [4] չէի կրնար սեպուիլ ըստ միջազգային օրինաց, եւ արդէն ռուսական դեսպանատունն ալ զիս օսմ. հպատակ նկատած էր թոյլ տալով որ տաճիկ ոստիկանութիւնը, առանց ռուսական թարգմանի կամ խաւազի մը ներկայութեան, տունս կոխէ գիշերանց եւ զիս ձերբակալէ։ Այս պայմաններուն մէջ՝ ռուսական պաշտպանեալի հանգամանք ունենալս յայտնել կամ invoquer ընել անօգուտ ըլլալէն զատ, թուրք դատաւորները ինծի դէմ բոլորովին indisposer [5] կը նշանակէր։

Ինծի համար` ասանկ գարշելի ամբաստանութեան մը դէմ ինքզինքս պաշտպանելու ելլելս իսկ ստորնացում կը սեպեմ: Դիտելի է միայն որ ռուսական դեսպանատունը, որ պալատի հետ կապ ունեցողները ամենէն քաջ կը ճանչնար, զիս իր avocat conseilը չի պիտի անուանէր եթէ ամենաչնչին արատ մը, կասկած մը իսկ տեսնէր իմ վրաս: Իմ 25 տարուան փաստաբանի կեանքս համակ քաղաքական ամբաստանեալներու պաշտպանութեան նուիրուած Պոլսոյ բոլոր պատժական եղեռնական տարեգրութիւններով հաստատուած է եւ վերջ ի վերջոյ զիս մինչեւ աքսոր առաջնորդելու պատճառ պիտի ըլլար եթէ ռուս դեսպանատունը զիս իր avocat conseil-ը անուանիլը արգելք եղած չ՚ըլլար. ոչ թէ ինծի պէս առաջնակարգ   եթէ ոչ առաջին փաստաբան մը, այլ ամենէն չնչին անձեր որոնք կապ ունէին պալատին հետ պատուանշաններով, աստիճաններով, ամսականներով, նուէրներով վարձատրուած են. ես իմ փաստաբանի արուեստիս մէջ վայելած արդար կամ անարդար համբաւէս զատ ոչինչ ունեցած եմ: Եւ վերջին երկուքուկէս տարուայ մէջ համիտեան կառավարութիւնը փաստաբանական արուեստս ի գործ դնելս ալ, այսինքն ապրուստս ճարելս ալ, արգելքի տակ առաւ եւ գիտես որ Բարիզ եկայ անկից ալ Եգիպտոս երթալ հաստատուելու համար: Ահա թէ ինչպէս կը վայելէի Եըլտըզի պաշտպանութիւնը:

Ինծի դէմ ուղղուած գարշանքները ու ցեխերը կ՚արհարմարհեմ. բայց հայոց երեսփոխան ըլլալու հանգամանքս աչքի առջեւ ունենալով կը խորհիմ որ օգտակար պիտի ըլլար որ դուն ծանօթացնէիր Ֆրանսացիներուն ինչպիսի հայ մը ըլլալս: Այսօր հոս Տաճիկներն անգամ, որոնց դէմ չեմ դադրած ազգիս իրաւունքներուն համար մաքառելէ, ամենամեծ յարգանքով կը վերաբերին ինծի դէմ: Օսմ. ֆաքիւլթէին մէջ պատժ. իրաւագիտութեան ուսուցիչ եմ եւ բոլոր գիտական մարմիններուն անդամ եմ. Հայ ազգին առաջին կրնամ ըսել, միակ, ընտրելին էի օսմ. երեսփոխանութեան համար եւ միեւնոյն դիրքս պահած եմ երեսփոխան ընտրուելէս վերջը. նախարար ըլլալս ձեռքս է` եթէ քիչ մը մերձեցում ցուցնեմ Union et progrès-ին, բայց նիւթական ակնկալութիւններուս չեմ զոհիր ազգիս իրաւունքները ու իմ համոզումներս. այսպէս էի պատանութեանս օրերը եւ այսպէս մնացի հիմա ալեւորած:

Անձնուէրդ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Հայցել

[2] Իրաւաբանօրէն

[3] Իրաւախորհրդատու

[4] Հովանաւորեալ

[5] Չտրամադրել