Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

137. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

[Բարիզ], 29 հոկտ. [1909], ուրբաթ ցորեկ, ժամը 1 1 / 2

Սիրելի Արշակ,

Շատ եւ շատ կը ցաւիմ որ կամքէս բոլորովին անկախ եւ անակնկալ պատճառով այսօր խոստմնազանց գտնուեցայ քեզի եւ Շիրվանզատէին դէմ:

Բայց ներողամտութիւնդ կը ճանչնամ: Ամենակարեւոր գործի մը խորհրդակցութեան կանչուած էի այսօր ժամը 10 1 / 2, արդ հազիւ այս վայրկեանիս կրցանք աւարտել. ժամանակ ալ չի կար որ լուր մը խրկէի քեզի. կը տեսնես որ գրեթէ անհնարութեան մը առջեւ գտնուեցայ:

Կը խնդրեմ որ Շիրվանզատէին ալ ներողութիւն խնդրելս հաղորդես:

Քոյդ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Գրած բաց նամակդ կարդացի. մէկ քանի դիտողութիւն ունիմ զոր վաղը իրիկուն կը յայտնեմ:

Մի՛ մոռնար, վաղը` շաբաթ ժամը 3-ին պանդոկս կ՚սպասեմ:

Գ. Զ.