Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

220. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Լոնտոն], 15 սեպտ. 1911, ուրբաթ, առտուան ժամը

Անուշիկ, մէկ հատիկս,

Աչքս բանալուս, մութին մէջ, վասն զի դեռ առտուն չէ, առաջին պաչիկս կը խրկեմ քեզի: Երէկ ցորեկէն վերջը Արաքսիին եւ Հերմինին հետ երեք ժամի չափ փողոցները ոտքով քալեցինք: Կ՚երեւայ թէ շատ յոգնեցայ եւ մէյ մըն ալ վրաս շատ énervement [1] կայ. աս երկուքէն ըլլալու է: Պանդոկս դառնալուս ո՛չ դուրս կրցայ ելլել, ո՛չ իսկ վար` ճաշարան իջնալ: Ժամի մը չափ քանափէին վրայ երկնցեր մնացեր եմ: Տեսայ որ անհանգիստ եմ, հանուեցայ եւ անկողին մտայ: Անոր համար թէեւ մութին հետ արթնցայ, բայց այս գիշեր բաւական քնացած եմ: Միայն morale-ս տեղը չէ. սիրտս լեցուն է, չեմ գիտեր ինչո՞ւ:

Գիտե՞ս, խօսքը մէջերնիս, Արաքսին բան չի հասկնար շատ: Հերմինն ալ տղայ է, ես` սիրտս, միտքս յոգնած մարդ` անոնցմէ բան չեմ հասկնար: Ինչեւէ, ակռաս սեղմեցի, հետերնին պտըտեցայ: Հերմինիս մանր մունր ուզածները առի. թէ քէյֆը եկաւ` թող գայ: Երբոր ես տրտմած եմ` ամենքն ալ տրտում ըլլալու չեն, թէ որ ինքզինքս օգուտ չունիմ` գոնէ ուրիշներուն ուրախութեանը պատճառ ըլլամ ձեռքէս եկածին չափ:

Արաքսիին առնելիք թախըմին առթիւ մտածեցի մեր ճաշի սրահին համար մեր անցեալները ծախած դեղին թախըմին տեղ maroquinէ [2] մինակ քանափէ մը կամ թէ երկու հատ ալ ֆօթէոյլ առնիլ: Այսօր ցորեկէն ետքը ժամը 2-ին Արաքսիին եւ Հերմինին հետ պիտի երթանք եւ պէտք եղածները առնինք:

Պաչիկներ`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Րաթիպ փաշային մեզատէէն ծախու առած valiseը [3], որ հիմա ես հետս առած եմ, սարսափելի խազըխլանմիշ ենք եղեր. ատոր նորը եւ աւելի աղուորը 35 ոսկի կը ծախեն կոր: Ադ Debson-ը վաճառական չէ, տօլանտըլճի է պարզապէս: Վահանն ալ (1 ա. ), խափաթմըշ ըրաւ:

Գ. Զ.

Այս վայրկեանիս աղուոր արեւ մը ծագեցաւ, Աստուծմով գործերնիս այսօրուան օդին պէս պիտի շտկուին:

Գ. Զ.



[1] Նեարդայնութիւն, գրգռուածութիւն

[2] Սեկ, քէմուխտ

[3] Ճամպրուկ