235.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Բարիզ],
1
հոկտ.
1911,
կիրակի
առտու
Անուշիկ
հոգիս,
Հիմա
հեռագիրդ
առի.
չեմ
գիտեր
ո՞ր
նամակիս
վրայ
զարկեր
էիր.
պատերազմին
մասին
հոս
շատ
գէշ
լուրեր.
իբրեւ
թէ
բոլոր
օսմ.
flotteը
[1]
փճացեր
է
արդէն.
այդտեղի
քաղաքական
(ներքին)
վիճակն
ալ
աղէկ
ըլլալու
չէ
հարկաւ:
Գիտես
որ
400
Անատօլուի
action
[2]
առեր
էի.
ատոնց
recopieը
[3]
քեզի
պիտի
խրկուէր
Պեռլինի
Տրեզտընի
պանքէն:
Մինչեւ
հիմա
առած
ըլլալու
էիր.
բան
մը
չի
գրեցիր:
Այս
պատերազմի
պատճառով
800
ոսկի
կը
կորսնցունինք
կոր
այս
actionներուն
վրայ:
Բայց
որովհետեւ
ծախելու
համար
առած
չէի
եւ
Աստուած
ուզէ
նէ`
մինչեւ
վերջը
պիտի
պահիմ,
այս
վնասէն
կ՚ազատինք:
Բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլայ`
այս
վայրկեանիս
նորէն
մարդու
միտքը
անհանգիստ
ընող
պարագայ
մըն
է:
Էքշեանը
այսօր
ցորեկէն
ետքը
միայն
Բարիզ
պիտի
գայ.
վաղը
պիտի
տեսնեմ
զինքը:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ