Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

270. [ՍՏԵՓԱՆ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻՆ]

[Կ. Պոլիս], 2/15 հոկտեմբեր, 1913

 

Վսեմաշուք Ատենապետ Քաղաքական Ժողովոյ,

Միացեալ եւ Ազգանուէր ընկերութեանց նիւթական անձուկ կացութեանը դարման մը ընելու նպատակով կայսերական կառավարութեան կողմէ այս երկու ընկերութեանց տարեկան հաստատ նպաստ մը յատկացնելու համար հանրային կրթութեան Վսեմ. նախարարին քով անցեալները անձնական դիմում մը կատարեցի: Վսեմ. նախարարը պիւտճէին մէջ տարեկան հազար ոսկւոյ չափ նպաստ մը ներմուծելու համար Նախարարաց Խորհուրդին մէջ աշխատիլ յանձն առաւ եւ այս խնդիրքին ընդունելութեան մասին մեծ յոյս յայտնեց. կրնամ ըսել որ խօսք տուաւ: Ասոր համար ուրիշ բան պէտք չէ, բայց թէ Պատրիարքարանի կողմէ պաշտօնական թագրիր մը ներկայացնել իրեն, որուն պատճէնն ալ համարձակեցայ ներփակեալ մատուցանել ձեր Վսեմութեան:

Կը խնդրիմ որ սոյն երկու ընկերութեանց Ատենապետներուն կարծիքը առնելէ վերջը այս դիմումը ստիպողաբար կատարելու որոշումը տալ տաք:

Վայելուչ կ՚ըլլայ որ Գեր. Տեղապահ Սրբազան Հայրը ինքը անձամբ մատուցանէ այս թագրիրը եւ եթէ յարմար կը տեսնէ, ես ալ կ՚ընկերանամ իրեն:

 

Մնամ յարգանօք

Գ. ԶՕՀՐԱՊ