Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

284. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Գոնիա, 27 մայիս [9 յունիս], 1915 չորեքշաբթի,
Պաղտատ օթէլ, ժամը 8

Սիրական կինս,

Երբոր անցեալ շաբաթ օր զմեզ հոս փոխադրեցին եւ հիւանդութիւնս դարմանելու համար քանի մը օր միջոց շնորհեցին, յուսացի որ 8 օր մը գոնէ պիտի ատեն տան եւ թերեւս աւելի. այսօր իմացայ որ մէկ երկու օրէն ճամբայ պիտի ելլենք. զմեզ շատ չի յուզելու համար Ատանա պիտի խրկուիք կամ Հալէպ պիտի երթաքի պէս խօսքեր ականջնիս կը հասկցնեն:

Ատանա, Հալէպ` Տիարպէքիրի ճամբուն վրայ են, ուստի շատ բացայայտ կերպով կ՚երեւի թէ զմեզ Տիարպէքիր կը խրկեն դատելու համար: Ի՞նչ յանցանք ունիմ, չեմ գիտեր. զրպարտութեան մը վրայ զիս մինչեւ Տիարպէքիր կը խրկեն. հոն զինուորական ատեան մը պիտի դատէ. ո՛չ իսթինաֆ, ո՛չ թէմիզ. Աստուծոյ կամքին թողուած պիտի մնամ:

Զմեզ Տիարպէքիր խրկելու համար երբոր ճամբայ հանեն, հաւանականաբար Ատանա-Հալէպ-Այնթափ-Ուրֆա-Մարտինի ճամբով պիտի երթանք: Ի՜նչ ճամբորդութիւն:

Ասկէ առաջ այն ոստիկանին ձեռքով որ զմեզ հոս բերաւ եւ այստեղի ոստիկանութեան արտօնութեամբը մին Շէյխ իւլ Իսլամին, միւսը Թալաթ պէյին մատուցուելու համար երկու նամակ խրկեցի. յետոյ երէկ առտու ալ Նէճմէտտին Մօլլային ուղղած մէկ նամակս ներփակելով ուրիշ նամակ մը խրկեցի:

Ասկէ զատ երէկ առտու ասկէ Պոլիս գացող մուլդէզի նախարար Հովուգ միւշավէրիի եւ Սարուխանի մէպուս Մուսթաֆա Ֆէվզի էֆէնտիին (որ զիս տեսնելու համար քովս գալու ազատութիւնը ունեցեր էր) վիճակս բացատրեցի եւ ինծի եղած անիրաւութեան աստիճանը, ինծի սպառնացող վտանգը հասկցուցի. խօսք տուաւ որ Շէյխ իւլ Իսլամին խօսի:

Վիճակնիս խիստ ծանր է միմիայն այն պատճառով որ գործին մէջ արդարութիւն չի տեսնուիր կոր. ափսո՜ս, ամեն մարդ գիտէ թէ ինչեր ըրի որ հայերը այս պատերազմին առթիւ աւելի եւս ցոյց տան իրենց հաւատարմութիւնը Օսմ. Տէրութեան: Բայց ո՞վ մտիկ կ՚ընէ:

Նէճմէտտին Մօլլային ուղղած նամակիս մէջ (որուն մէկ օրինակը պէտք է քովդ ունենաս) շատ մը ըսուելիք բաներէն մէկ մասը միայն նշանակած եմ:

Առանց վայրկեան կորսնցնելու գնա տեսիր ամենքը, ով որ կրնաս: Տեսիր Նէճմէտտին Մօլլան եւ Մուսթաֆա Ֆէվզի էֆէնտիները. [Հալաճեան] էֆէնտին ինքը պէտք եղած անձերուն թող գիտցնէ թէ ինչպէս իրեն հետ աշխատեցանք եւ որոշեցինք որ մէկ քանի յիմար Հայոց խլրտումներուն դէմ արգելք հանդիսանանք եւ Հայոց առ Տէրութիւնը հաւատարմութիւնը աւելի եւս ամրացնենք: Ասոնք իրողութիւններ եւ մօտ իրողութիւններ են:

Չեմ գիտեր ուրբաթ թէ շաբաթ, թէ կիրակի ճամբայ պիտի հանեն. որ օրը որ մեկնինք` տիկին Soulier Նիքօ Մետեվիչին հեռագիր պիտի տայ` Beurre très cher [1] ։

Երբոր ճամբայ հասնելնիս իմանաք կամ բնաւ լուր չառնէք` Տիարպէքիրի վալի Րէշիտ պէյին թէ պաշտօնական եւ թէ մտերիմը, խիստ մտերիմը գտնելով անձնական յանձնարարականներ խրկել տուէք շուտով` նաեւ յանձնարարական զինուորական իշխանութեանց, մանաւանդ Տիւանը Հարպը րէիսին:

Կարօտով կը համբուրեմ զձեզ, շատ կարօտով:

ԶՕՀՐԱՊ

Վերջին ժամ.

Վաղը առտու կը մեկնինք Ատանա:



[1] Կարագը շատ թանկ է։