16.
[ԱՆՅԱՅՏԻ]
Կ.
Պոլիս,
22
յունիս,
1900
Մեծապատիւ
Տէր,
1861
Յունիս
կամ
Յուլիսին
ծնած
եմ
Պէշիքթաշ
(Կ.
Պոլիս):
Նախնական
կրթութիւնս
առած
եմ
Պէշիքթաշի
Մաքրուհեան
եւ
Օրթագիւղի
Թարգմանչաց
եւ
հոնտեղի
Լուսաւորչեան
վարժարաններուն
մէջ:
Բարձրագոյն
կրթութիւնս
ստացած
եմ
Բերայի
կայսերական
Համալսարանին
Երկրաչափական
վարժարանին
մէջ
(Ecole
des
Ponts
et
des
Chaussées)
ուրկից
առաջին
վկայականով
շրջանաւարտ
եղած
եմ
1880-ին:
Իսկոյն
իրաւագիտութիւն
ուսած
եմ
Պոլսոյ
Իրաւագիտութեան
վարժարանին
մէջ:
Փաստաբանի
վկայականն
առած
եմ
1883-ին.
այդ
թուականէն`
փաստաբանութեան
ասպարէզը
կը
շարունակեմ:
Հրապարակագրութեան
սկսած
եմ
1878-ին,
որչափ
որ
կը
յիշեմ,
Թիւլպէնտճեանի
Լրագրովը:
Յետոյ
գրած
եմ
Երկրագունտի
մէջ
(երկրորդ
վերեւումը
այս
հանդէսին),
Արեւելքի
մէջ,
Մասիսի
մէջ,
Հայրենիքի
մէջ,
բայց
ամենէն
շատ
Մասիսի
մէջ:
Մնամ
յարգանօք
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Յ.
Գ.
Լուսանկարս
վաղը
կամ
միւս
օր
կը
խրկեմ:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ