Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

115. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 16 յուլիս, 1908, հինգշաբթի ժամը 10 1 / 2

 

Սիրականս,

Ճիշդ 2 ժամ է որ փողոցներն եմ. հոս հոն կը պտըտիմ, սպասելով որ expressը սա հռչակաւոր նամակը բերէ: Բնաւ տեսնուած չէ որ մարդս այս աստիճան անհամբերութեամբ գէշ լուրի մը սպասէ:

Հեռագրիս պատասխան մը առնելով գոնէ երէկ գիշեր քիչ մը հանգիստ անցնել կ՚ուզէի. պատասխանը` «նամակին մէջ է» ըսելէ կը բաղկանար: Ատիկա գիտէի. կ՚երեւայ թէ հանդարտեցնելիք բան մը չունէիր, հեռագրով երկար բարակ բացատրութիւն ալ չէիր կրնար տալ: Ուստի «Նամակը կարդա» ըսիր:

Պիտի կարդամ այդ նամակը, եւ որովհետեւ երեք օրէ ի վեր այս նոր գէշութեանն ալ վարժութիւնը ըրի, առանց խռովելու պիտի դիմադրիմ այս նոր հարուածին: Ասոր ծանրութիւնը ամենէն զգալին է. ասիկա չքաւորութիւն չէ, այլ աւելի բան մը. որչափ որ կ՚զգամ կոր այս մէկ քանի օրուան մէջ չի պիտի կրնամ — ինչպէս կը բաղձայի — գալ զքեզ գրկիլ. ատկէ ալ զրկուած պիտի մնամ: Որքան օր, թերեւս ամիս չեմ գիտեր: Սպասել եւ յուսալ գրուած էր. սպասել եւ չի յուսալ չի կար դեռ: Ատիկա կ՚երեւի թէ իմ բաժինս ու ճակատագիրս է:

Այդպէս թող ըլլայ: Ժամը 11ին քառորդ կ՚ուզէ: Որքան ատենէն, 1 / 2 ժամէ՞ն, 1 ժամէ՞ն պիտի հասկնամ սա նոր պատահած եղելութիւնը: 1 / 2  ժամ, 1 ժամ` որ տարիներէ էվել կը տեւէ կոր:

Այս նամակը Continentalէն կը գրեմ կոր, վասնզի facteurը [1] հոն պիտի բերէ նամակն, ուստի այս առտու հոս եկայ, վայրկեան մը առաջ ձեռք անցունելու համար սա անիծեալ թուղթը:

Հինգշաբթի, ժամ 12

 

Սիրականս,

1. Արշակին նամակը առի, քուկդ ալ կարդացի: Ոստիկանութեան գրեր են եղեր որ զիս Պոլիս դառնալուս բռնեն կամ հարցաքննեն. ատոնք իմին բապուճս չեն:

Միայն թէ հարկաւ պարապ տեղը բանտ մտնել նոյնիսկ 24 ժամուն համար, չեմ ուզեր: Բայց Դեսպանատունը հոգ չընէ, թող գայ ըսէ, անմիջապէս կուգամ: Հարցնելիք ունեն նէ` ես պատասխան տալէ չեմ փախչիր. միմիայն բանտ մտնել չեմ ուզեր: Ասկից առաջ դեսպանատունը զիս պէտք եղած կերպով չի պաշտպանեց: Բայց այն ատեն փաստաբանութիւնս արգիլած չէին եւ թարգման ըլլալս ճանչցած չէին: Այս կէտը Մայքօֆին աղէկ միտքը դիր: Քանի որ թարգման է կ՚ըսեն կոր եւ երկու տարի է որ զիս կ՚արգիլեն կոր հաց ճարելէ, դատավարութեան խնդիր ծագի նէ` ալ նորէն թարգման պէտք է նկատուիմ: Փաստաբանութենէ արգիլուելու համար թարգման հարցաքննելու կամ բանտ մտնելու գայ նէ` ոչ թարգման չըլլար:

Մայքօֆ այս նոր խայտառակութեան դէմ հարկաւ պիտի բարկանայ եւ հիմակուց պէտք եղածը պիտի ընէ: Եթէ ես բանտարկելու ուշ չեմ տար` հոգ մի՛ ըներ, թող գայ ըսէ նէ, կարծեմ թէ կը բաւէ:

2. Սիրվէր պէյը սենեակ կանչել տուր: Անիկա զապթիէն ազգական մ՚ունի. անկէ կրնայ հասկնալ թէ պալատէն ինչ գիր գրուած է իմ մասիս: Ատիկա հասկցէք եւ ինծի իմացնելով հանդերձ Մայքօվին ալ հաղորդեցէք:

Եթէ Սիրվէր պէյը չի կրնայ հասկնալ` Արշակը թող ուրիշի ձեռքով հասկնալու նայի:

3. Բոլոր գրած նամակներս պատռէ՛: Բնաւ քովդ թուղթ մի՛ պահեր:

4. Ինչպէս որ ասկից առաջ ըսեր էի, նայէ՛ որ Մուխթար պէյը իմ մասիս թագաւորին գիր մը գրէ: Նաեւ Նազիֆ Աւրայի պէյը Թահիր պէյը այս վերջինին կրնայ ուզածին պէս գիր մը գրել տալ:

5. Պէտք տեսնես նէ` Արշակին հետ Րաղըպ փաշային գնա եւ այս նոր եղելութիւնը պատմէ եւ օգնութիւն ուզէ:

6. Ես միտք ունիմ այսօր թագաւորին հեռագիր մը զարնելու: Եթէ զարնիմ` քեզի հեռագրով լուր կուտամ, որպէսզի ի՛նչ ազդեցութիւն ըրած ըլլալը Թ. պէյով հասկնաս:

Եթէ Մայքօֆը ուշ գայ, հոգ չի ընէ ըսէ` beau temps [2] հեռագիրը տուր ինծի:

Եթէ ես պալատ հեռագիր տամ` envoyé ombrelle [3] հեռագիրը կուտամ քեզի:

Եթէ հեռագիրը աղէկ ազդեցութիւն ընէ` malade bien [4] ։

Եթէ դուն համոզուիս որ վտանգ չի կայ` partez [5] ։

Մայքօֆին սա կէտը աղէկ բացատրելու է, որ հարցաքննութեանը ըսելիք չունիմ: Ուզածնին թող հարցնին, բայց բանտարկութիւնը չեմ ընդունիր: Սա ալ ըսէ իրեն որ հրատարակած գիրքիս մէջ գլխուս փորձանք չի բերեմ եւ նոր զրպարտութեանց տեղի չի տամ տէյի, շատ մը թագաւորին չուզած բաները վերցուցած եմ:

Օրինակի համար` Տաճկաստանի մէջ Սահմանադրութիւն կայ, եւ օրէնքը Երեսփոխանական ժողովով կրնայ դրուիլ չեմ ըսեր. քրիստոնեաներուն ենթակայ եղած անիրաւութիւններուն եւ անհաւասարութիւններուն խօսքը չեմ ըրեր եւ այլն եւ այլն: Ասիկա Մ. Մայքօֆին աղէկ հասկցուցէք որ ո՛ր աստիճան զգոյշ եղած եմ միշտ:

Ես շիտակը հոգ չեմ ըներ կոր. ալթը բիւթիւնտէն հայրլը չքար [6] կ՚ըսեն:

Շատ մը պաչիկներ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Կ՚ուզեմ որ Րաղըպ փաշայէն, Մուխթար պէյէն, Թահիր պէյէն, Նազիֆ Սատայիէն առած պատասխաններդ ինծի մէկիկ մէկիկ հեռագրես.

Րաղըպ փաշային համար` Adolphe.

Մուխթար պէյ` Jean.

Թահիր պէյ` Helene.

Նազիֆ Սատայի` Edmond.

Թէ տուած պատասխանէն գոհ մնաս եւ համոզուիս որ թագաւորին բան մը պիտի գրեն իմ մասիս` vienneին [7] քով bonne santé [8] կ՚աւելցնես:

Օրինակի համար`

Եթէ գրեց` santé excellente [9].

Եթէ Մուխթար պէյ թագաւորին գիր մը գրելու խօսք տուաւ` Jean bonee santé [10] կը հեռագրես:

Եթէ թագաւորին գրեց` Jean santé excellente [11], կը հեռագրես:

Եւ կը ջանաս որ արդիւնքներն ալ կարելի եղածին չափ հասկնաս:

Ուշադրութեամբ կարդա այս գրածներս Արշակին հետ եւ ուշադրութեամբ գործադրէ: Հոգդ մի՛ ըներ. աս է նէ, բան մը չէ:

[Գ. Զ. ]



[1] Փօստատար

[2] Պարզ, լաւ եղանակ։

[3] Հովանոցն ուղարկուած է։

[4] Հիւանդը լաւ է։

[5] Մեկնէք։

[6] Տակինը բոլորից խէրով դուրս կը գայ։

[7] Արի։

[8] Լաւ առողջութիւն։

[9] Քաջառողջութիւն

[10] Ժանի առողջութիւնը լաւ է։

[11] Ժանը քաջառողջ է։