Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

142. ՀԱՅՈՑ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ

Բերա, 5 յունիս, [1910]

Բարեկամներ,

Թէ որ թեթեւ տկարութիւն մը զիս պարտաւորած չըլլար քանի մը օր գիւղ երթալու, անձամբ պիտի փութայի ձեր քով, գրական հին վաստակաւորի մը` եթէ ոչ գործօն աշխատակցութիւնը, որ մեծ արժէք մը չի ներկայացներ, գոնէ մաղթանքն ու քաջալերութիւնները ձեզի բերելու համար:

Հրատարակչական մը հիմնելու համար Պոլսոյ մէջ — ամենաջերմ փափաքներէս. է՛ն առջի սէրերէս մէկն է:

Ընդունուած սովորութեան մը հետեւելով, չպիտի ըսեմ ձեզի որ «դժուարին ու մեծ գործ մը» ի գլուխ հանելու վրայ էք. ո՛չ. գործը դիւրին ու համեստ է: Յաջողութիւնը ձեռնարկելուն մէջն է:

Ըսին ինծի, որ Եգիպտահայերն ալ Պոլսոյ մէջ Հրատարակչական մը հաստատելու ձեռնարկած, եւ 500 ոսկի ալ խրկած են այս նպատակով:

Չեմ գիտեր թէ այսպէս անջատ ու զուգահեռական գործողութիւն մը ո՛րքան բանաւոր է:

Ասիկա քիչ մը այն Բարեգործականին կը նմանի, որ կուսակցական չըլլալու դողին մէջ, ամենէն աւելի կուսակցական Մարմինը եղաւ. իր ամուր ու բարձր պարիսպներովը, իր հետզհետէ խորունկցող խրամատներովը:

Պէտք է խոստովանիլ որ Փարաւոններու երկրէն եկող այս սովորոյթները աւելի իրենց ախտավարակ հանգամանքովը, անձուկ մտածութեամբը ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, քան թէ մեր քաղաքական-ազգային կացութեանը ու ձգտումներուն լուրջ գիտակցութենէն կը բղխին:

Հայ մտաւորականութեան, հայ երիտասարդութեան տեսակ մը ասպարէզ կարդալու ձեւեր, հոգւով ու մտքով անկէ բաժնուելու շարժումներ, որոնք յաւէտ պախարակելի են:

Դրամի մարդուն այս բիրտ վարմունքը Գրչի մարդուն դէմ, բարեբաղդաբար կամ դժբաղդաբար, միմիայն Հայերու մէջն է, որ երեւան կուգայ. հայերու մէջ` որ գերազանցապէս դրական ազգ մը ըլլալուն չափ` գերազանցապէս մտաւորական ազգ մըն է. ի՞նչպէս հաշտեցնել այս հակասութիւնը:

Պատճառն այն է իմ կարծիքովս, որ մենք «երկդիմի» ազգ մըն ենք. ասիացի-եվրոպացիներ ենք. խառնածիններ, որոնք վերջնական ու որոշ տիպարի մը յանգած չեն տակաւին:

Շատ զուարճացայ երբոր ասկէ մէկ քանի ամիս առաջ այնքան աղմուկ հանեցին հոս, — Բարեգործականին 20000 ոսկիներուն աղմուկը: Պոլսահայերը կրցա՞ծ են երբեք ասանկ դրամագլուխ մը գոյացնել, միմիայն «փաշաներու», «աղաներու», «լուրջ անձնաւորութիւններու» շնորհիւ կատարուած այս մեծագործութիւնը ի հարկէ չի կրնար ձեռք բերուիլ փոքրիկ անձնաւորութիւններով, որոնք շատ շատ «պարոններ» կրնան յորջորջուիլ:

Եվ սակայն Միացեալ Ընկերութիւնը, որ երիտասարդներու ընկերութիւն մըն է եւ մնաց մինչեւ վերջը, ատկէ շատ աւելին ժողվեց, ծախսեց, լռութեամբ, համեստութեամբ, առանց parvenu-ական [1] ձեւերու:

Ասով «պարոնները» ո՛չ միայն վարձը տուին իրենց պարկեշտութեանը, իրենց անվիճելի հայրենասիրութեանը, այլ ցուցուցին նաեւ որ մատակարարելու կարողութեան մէջ ալ «փաշաներէն» եւ «աղաներէն» ետ չէին մնար:

Միացեալ Ընկերութեան պատմութիւնը, որ իմ կարծիքովս, Հայոց պատմութեան գլխաւոր մասերէն մէկն է վերջին 20 տարիներուն, անաչառ ու հմայիչ վկան է այս ըսածիս:

Եվ ահա, երբ այս մարմինը, այսօր վերակենդանացած` առջի եռանդովը եւ առջի համեստութեամբը կը ձեռնարկէ իր վերաշինութեան գործին, փոխանակ անոր մեծութիւնը պատուելու, անոր նուիրուելու ամբողջապէս, Բարեգործականին 20000 ոսկիներուն` հազար ու մէկ գիշերներէն մնացած այս գանձին առջեւն է որ ամեն գլուխները կը ծռին, կը խոնարհին այստեղ. 20000 ոսկին իր պայմանները կը դնէ, հրամանները կուտայ, եւ իսկոյն ամենքը կը հնազանդին. խե՜ղճ Պոլսահայեր:

Յետոյ, Պոլսոյ Հրատարակչականին դէմ` Եգիպտահայ Հրատարակչականը կ՚ելլէ` իր 500 ոսկիներու շլացումին հետ իր պայմանները կ՚առաջարկէ. Պոլսահայերուն 500 ոսկի կուտանք, պայմանով որ … Գլուխները կը ծռին նորէն, կը խոնարհին մինչեւ փէշերը. խե՜ղճ Պոլսահայեր:

Եվ, ի՞նչ ծածկեմ ձենէ, սաստիկ հրամայիչ, անդիմադրելի փափաք մը ներսէս կուգայ նետել անոնց ամենուն երեսին` բառը, անզուգական կերպով որակիչ, զոր հին վարպետ մը` Միսաքեան` ստեղծեց, նուիրագործեց եւ նոր վարպետ մը` Կամսարական` ոսկեզօծեց իր մէկ գրուածքովը.

—Պապուկնե՜ր …

Բարեկամնե՛ր, երիտասարդնե՛ր, կանգ մի՛ առնէք այս պզտիկ երեւոյթներուն դիմացը. ընդհակառակը, մաղթեցէք որ Եգիպտահայոց Հրատարակչականը արդիւնաւոր գործ մը ըլլայ, փոխանակ երկրորդ Իզմիրեան Յանձնաժողով մը ըլլալու, մեռելական տապանաքար:

Իսկ դուք ձեր կորովով, գրիչովը, կամքովը քալեցէք, առանց աջ ու ձախ նայելու:

Մի՛շտ ձեզի հետ, մի՛շտ գրչի մարդոց հետ, մի՛շտ երիտասարդութեան հետ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Չտես, ցուցամոլ