Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

145. ՍԻՊԻԼԻՆ

Կ. Պոլիս, [յունիս-յուլիս, 1910]

Սիրելի Տիկին Ասատուր,

Դուք ամեն բանէ առաջ գրագէտ էք, կամ գրագիտուհի, եթէ պէտք է այս բառը անպատճառ իրականացնել:

Մէջտեղ Հրատարակչական գործ մը կայ. ոչ դուք եւ ոչ Հրանտը գոյութեան նշան մը տուիք դեռ. ինչո՞ւ համար արդեօք: Պիտի ըսէք որ սրտով համակիր էք եւ նիւթապէս օժանդակելու պատրաստ. իմ պատասխանս` ատոնք չեն բաւեր, պիտի անձամբ գործակցել, սրտապնդել ամենքը, յաջողութիւնն աւետել հիմակուց. մի՛ մոռնաք որ միշտ մեր Սիպիլն էք:

Այս կիրակի առտու ժամը 1 1 / 2 ին` վերջին ընդհանուր ժողովն է. կը խնդրեմ որ Հրանտին հետ ներկայ գտնուիք. մէկ ժամուան գոհողութիւն մը բոլորը:

Յարգանքով`

Գ. ԶՕՀՐԱՊ
Հինգշաբթի առտու