Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

234. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊ

[Բարիզ], 27 սեպ. [1911], չորեքշաբթի իրիկուն, ժամը 7

Անուշիկ հոգիս,

Հիմա սենեակս էի: Կիրակի օրուան նամակդ առի, բայց չեմ գիտեր ի՞նչու recommander [1] ընել կուտաս. մէջը ստա՞կ կայ (1 ա. ֆր. ) կայ:

Ցորեկը Արաքսիին հետ ճաշեցի. խեղճը կերակուր չուտեր, պտուղ չուտեր, glace [2] չուտեր, գինի եւ շամբանիա չի խմեր, մեծ restaurant [3] չի գացինք, Duvalին կերանք:

Խօսքի մէջ իմացայ որ տղաքը նորէն զքեզ շատ կը չարչարին կոր. թէքնէդ հաներ ես, բայց ալ անոնք տղայ չեն, մարդ են. Տօլլին խոճաման աղջիկ է. անկէ վերջը ամօթ է մինչեւ իրիկուն տանը մէջը քոյր եղբայր, աղջիկ մայր եւլն կռիւ ընել:

Ես հոս ինքզինքս չեմ մտածեր. անոնց հաճելի ըլլալու համար, է՛ն մեծէն է՛ն պզտիկը քէյֆերնին ընելու համար կը յոգնիմ. անոնք` հէմ զքեզ չեն յարգեր, հէմ զիս. որովհետեւ ի՞նչպէս կ՚ուզես որ ես հոս հանգիս ըլլամ երբոր գիտենամ որ բոլոր տունը տակնուվրայ է: Ասոնք կատղեր են. ցաւալի բան է որ թէեւ քիչ մը բան սորվեցան (ան ալ մեծ բան մը չէ եա), բայց կրթութիւն, քաղաքավարութիւն ըսուած բաներուն հոգը անգամ չառին. մանաւանդ տունին մէջը:

Հէ՛մ Տօլիին, հէ՛մ չորսին մէկէն մէյմէկ նամակ գրեցի. անանկ անկիրթ եւ ճանաւարի ձեւով տունին մէջ եւ մօրերնուն դէմ վարուելուն ասկէ վերջը աչք չի պիտի գոցեմը ըսի իրենց եւ իրաւ ալ անանկ պիտի ընեմ:

Աս նամակները գրելէ ետքը դուրս ելայ միջոց մը. նոր լուսին ելեր էր. սովորութիւնս է որ — կարելի է 10-20 տարիէ ի վեր — երբ նոր լուսնին ձեր քովը չ՚ըլլամ` աչքս կը գոցեմ եւ նախ քեզի, անուշիկ հոգիս, աչքիս առջեւ կը բերեմ. յետոյ զաւակներս, կարգով, չորսն ալ եւ ամենքնիդ ալ կը համբուրեմ մտքովս:

Այս իրիկուն նորէն լուսնին դէմ քեզի աչքիս առջեւը բերի. բայց կը հաւտա՞ս, ան չորս անպիտաններուն դէմքերը տեսնել չուզեցի. ան աստիճան զզուեցայ ասոնց կոպիտ ընթացքէն — ինծի դէմ չէ, քեզի դէմ, եւ տանը մէջ ամենքն իրեն գլխուն շարժելէն. իբրեւ թէ մեր տունը hôtel եւ restaurant [4] է միայն. ո՛չ կրթութիւն եւ ոչ ալ սէր ընտանիքի:

Երբ այս վայրկեանիս սրտիդ մէջ ուրիշ ցաւ մը, մտքիդ մէջ ուրիշ մտմտուք մը ունիս տէյի հարցունես նէ` չունիմ. ես եւ դուն ասոնց է՛ն մեծէն է՛ն պզտիկ capriceնին [5] անգամ ընենք` անոնք շարունակ անկիրթ եւ անհնազանդ ըլլան: Շիտակը, ասոնց երեսէն շատ դժբաղդ եմ:

Կիրակի օրուան նամակիդ մէջ երկու աղջիկներուդ հետ Պէօիւքտէրէ պտոյտի երթալդ գրեր ես. կ՚երեւայ թէ princesse [6] Dolly-ն իրեն բարձրութենէն խոնարհեր է եւ քեզի հետ դուրս ելլելու բարեհաճեր է հանըմ էֆէնտին: Գրած բաներդ` չարշաֆ, nappe [7], գուլպայ եւլն կ՚առնիմ. Արամին կէճելիք` կը մտածեմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Պաչիկները չի մոռնանք.

Գ. Զ.



[1] Պատուիրուած

[2] Պաղպաղակ

[3] Ռեստորան

[4] Հիւրանոց եւ ռեստորան

[5] Քմահաճոյք

[6] Իշխանադուստր, արքայադուստր

[7] Սփռոց