Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

16. [ԱՆՅԱՅՏԻ]

Կ. Պոլիս, 22 յունիս, 1900

Մեծապատիւ Տէր,

1861 Յունիս կամ Յուլիսին ծնած եմ Պէշիքթաշ (Կ. Պոլիս):

Նախնական կրթութիւնս առած եմ Պէշիքթաշի Մաքրուհեան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց եւ հոնտեղի Լուսաւորչեան վարժարաններուն մէջ:

Բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Բերայի կայսերական Համալսարանին Երկրաչափական վարժարանին մէջ (Ecole des Ponts et des Chaussées) ուրկից առաջին վկայականով շրջանաւարտ եղած եմ 1880-ին:

Իսկոյն իրաւագիտութիւն ուսած եմ Պոլսոյ Իրաւագիտութեան վարժարանին մէջ: Փաստաբանի վկայականն առած եմ 1883-ին. այդ թուականէն` փաստաբանութեան ասպարէզը կը շարունակեմ:

Հրապարակագրութեան սկսած եմ 1878-ին, որչափ որ կը յիշեմ, Թիւլպէնտճեանի Լրագրովը:

Յետոյ գրած եմ Երկրագունտի մէջ (երկրորդ վերեւումը այս հանդէսին), Արեւելքի մէջ, Մասիսի մէջ, Հայրենիքի մէջ, բայց ամենէն շատ Մասիսի մէջ:

 

Մնամ յարգանօք

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Յ. Գ. Լուսանկարս վաղը կամ միւս օր կը խրկեմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ