Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՏԱՐԱԺԱՄ ՄԱՀ
ԳԱԲՐԻԷԼԻ ԵՐԱՆԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՀԵՂԻՆԱԿԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՆԱՐԻ»

Քու ցուրտ շիրմիդ վըրայ ուր, վա՜հ, կայ թաղուած,
Առոյգ հասակդ եւ սըրտիդ հուր երկնասլաց,
Չէ թէ միայն սըփռենք ծաղիկ լի ձեռքով,
Չէ թէ միայն արցունք անհուն ցաւերով.
Այլ եւ ձօնենք վշտահար
Երգերն անուշ Քընարին,
Որոյ փափուկ թելերը
Դու հիւսեցիր սրտագին։

Այն նուագներն, որ քու բերնէդ սըլացան,
Երթալ յողջոյն աւերակաց ցիր ու ցան,
Լըսեց զանոնք ի դամբանացն Հայրենիք
Եւ սփոփեցան Հայաստանեայց վեհ ոգիք:
Լըսէ՛ զանոնք եւ դու այլ,
Մահուան քունէն արթընցի՛ր,
Այն Քընարին թելերով
Յանմահութիւն ե՛լ թըռի՛ր։