Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇՈՒՆ

ԵՐԳ

ԱՌ ՆԷ

Ու՞ր էք, ծաղկունք դուք փայփըլունք,
Ու՞ր ձեր այտեր անուշ հոտով,
Ու՞ր ձեր պչրանք ու փափկութիւն
Եւ ծոց՝ լցեալ շաղ մարգարտով:

Ինչու՞ հովիկ, անգու՜թ հովիկ,
Ցուրտ համբոյրներ կու տայ ձեզի.
Մոռցաւ՞ արդեօք իւր սէր գողտրիկ
Եւ իւր գգուանք փայփայելի:

Ու՞ր թիթեռնիկ հոլաթեւեան,
Ձեր բաժակին հիւթոց կարօտ,
Որ գայր թերթից ձերոց գունեան,
Տանել ըզբոյր հեռու եւ մօտ։

Ա՜հ, ո՞ւր սոխակն իմ սիրակէզ,
Որ տերեւաց նստած ի շուք.
Հալէր կարմրիկ վարդին ի տես
Եւ կողկողէր սրտամաշուք:

Չըկա՛յ զեփիւռ, չըկա՛յ ծաղիկ,
Եւ ծաղկատարփ չըկայ թիթեռ.
Չըկա՛յ սոխակ, ո՜չ վարդենիք՝
Լցեալ ցօղով մարգրտայեռ:

Սակայն կուսի՛կ մի կայ փափուկ,
Բոլոր անձէն շնչէ գարուն.
Կուսիկ, որ դեռ թըւի մանուկ,
Հրեշտակ ի թուխ վարս ոլորուն:

Այլ ի՞նչ պիտին ծաղկանց փունջեր,
Յորժամ նորա այտերն հայիս.
Այլ ի՞նչ պիտին վարդից հոտեր,
Յորժամ նորա մօտ գըտնըւիս:

Ո՜հ, մի՛ երթար դու տեսնելու
Ճերմակ շուշանն, թէ յիւր ճիւղիկ
Ի՞նչպէս նազի գլուխըն աղու,
Երբ հովն իրեն տայ ողջունիկ:

Տե՛ս, թէ կուսին փափուկ ուլան
Վերայ ինչպէ՛ս կը տատանի
Հոյլ հոպոպեօք գեղածածան
Չքնաղ գլխիկ իւր նազելի:

Լո՛ւռ կաց, գիշերց սիրո՛ւն խօսնակ,
Լըսէ՛ մէկ մ՚ալ զիւր դայլայլիկ.
Լո՛ւռ կաց, կուսին երբ ի դաշնակ
Երթեւեկին մանու թաթիկք:

Ո՜վ հրաշագեղ կոյս օրիորդ,
Յիմ հայրենիս թէ դու էիր,
Հայոց շիրմաց արտասուայորդ
Ուռենիներն թէ տեսնէիր:

Եւ իւր վըտակն ողբանըւէր,
Ի սըրբափայլ իւր հայելի
Տայր որորել այն քու պատկեր,
Որ հրեշտակաց է տարփելի:

Աննըմանեակ աչերդ մեղոյշ
Նորա երկինք թէ տեսնէին,
Ու մէկ նայեաց, նայեաց մ՚անոյշ
Արձըկէիր նորա հողին:

Յայնժամ սոխակ շիրմացն Հայոց,
Որ միշտ ողբայ հողմոց ի մռունչ,
Գէթ մի անգամ լռեալ ըզկոծ՝
Քեզ ողջունէր յուրախ մըրմունջ։

ԵՐԳ

 

Յալէմատղըն այն գեղեցիկ
Գացի ժուռ գալ անհոգ, մոլար,
Ուր բիւր վըտակ բիւրեղ ծոցիկ
Մատուցանեն տնկոց դալար:

Երբ փայլփըլուն ծագէ արեւ,
Ոսկի ցանուի լերանց վերայ.
Շող արձըկէ ամէն տերեւ,
Զեփիւռ թըփոց հետ կը խաղայ:

Բայց, քան զամէն, հովիկ քնքուշ
Հրեշտակ մի անդ կը թեւածէր,
Ու, քան զամէն, երգերն անուշ
Այն նազելւոյն ձայնիկն հնչէր:

Թըռի՛ր ինծի, ահա մըռայլ
Անտառին մէջ իջաւ գիշեր.
Կանչէ պըպուլ լուսնին ի փայլ,
Բաց անոնցմէ չունինք ընկեր:

Սա հովանիքն անուշաբոյր
Տեսնեն ըզմեզ թեւ ընդ թեւով.
Ասդիս ծաղիկ, անդին համբոյր
Փունջ-փունջ սիրոյ ընծայելով:

Պարանոցիս մարգրիտ մանեակ
Կախէ՛ սպիտակ քուկին թեւեր.
Մազերդ գըլխիս իմ հովանեակ,
Ու լուռ, մընջիկ սահին ժամեր:

Երբ բընութիւն անխօս կենայ,
Մահկանացուք ձայն չեն հաներ.
Լուռ է ամէն, ինչ որ շուրջ կայ,
Աւելի տա՛ք խօսին սրտեր:

Շուշանափայլ բարձ մի փափկիկ
Ըլլայ քու ծոցդ ինձ առ ի քուն.
Բայց թէ այն սէրդ է խաբուսիկ,
Լաւ է չտեսնամ ըզլոյս առտուն։

ԵՐԳ

 

Ու՞ր էր, թէ զեփիւռիկ
Ըլլայի թափառիկ,
Ոսկեթել մազերուդ
Տայի համբուրիկ։

Ու՞ր էր, թէ վարդ գոհար
Ըլլայի վառ ի վառ,
Ընտրէի ինձ բազմոց
Կուրծքըդ ձիւնափայլ:

Ու՞ր էր, թէ քանարիկ
Ըլլայի ես թըռչնիկ,
Թըռչիլ, գալ ու շոյել
Դէմքըդ գեղեցիկ.

Կամ երազ խուսափուկ՝
Որ գայի մինակուկ,
Քունիդ մէջ խըռովել
Քու սիրտըդ փափուկ:

Ի՜նչ ըրի ես քեզի,
Որ ցաւոց այդպիսի
Եւ անբոյժ հարուածոց
Ըլլամ արժանի:

Հըրեշտակ էր, թըռաւ,
Երազ էր, որ անցաւ,
Այդ քու սէրըդ փափուկ
Շուտով թոռմեցաւ։

ԵՐԳ

Վարդ մի գունեան եւ յոյժ փափկիկ
Փթթեալ թերթիւք բոյր ի բոյր՝
Նըւաղեցաւ մերկ ի գեղոյն
Ի տապ բոցոյ անմաքուր։
Վայրընկեցից ի փառաց,
Ո՞ այլ դիցէ նըմին շուք,
Կամ պըճնեսցէ ըզգըլուխ
Թառամելոյ այն ծաղկամբ։

Պատանեկին խանդաղակաթ
Եղո՜ւկ սիրոյն դըժրանաց։
Դառըն լեղի էր ըմպելոց,
Ո՛չ թէ վայելք գըգուանաց։
Վայրընկեցիկ ի փառաց,
Ո՞ այլ դիցէ նըմին շուք,
Կամ պըճնեսցէ ըզգլուխ
Թառամելոյ այն ծաղկամբ։

***

Ի՜նչ գեղեցիկ փափուկ ժամ էր,
Երբ առաջին անգամ տեսայ
Իմ սիրելւոյս անուշ պատկեր
Ցօղատարափ դաշտին վըրայ.

Չունէր արփին այնչափ փայլմունք,
Եւ ո՛չ թռչնիկ՝ այնչափ երգեր.
Վարդք չունէին այնչափ բուրմունք,
Որչափ սրտիկս ունեցաւ սէր: