Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ԹԱԳՈՒՀԻ ԱՏԱՅԻՆ

Ո՜վ Թագուհիդ Ատային,
Որ քեւ ցնծայ խենթագին.
Որ քո նըմանդ չէ տեսած,
Գոհարդ ի մէջ գեղեցկաց:
Քօքէդ փափկիկ ու նազիկ,
Թէպէտ եւ ծուռ, ֆօթօզիկ.
Ահա՛ անուանդ օրն եկաւ
Ու քեզ հոստեղ չի գըտաւ:
Թողեալ ըզդաշտ մեր գիւղին՝
Բուրես ծաղիկ կղզեկին,
Զըւարճութիւնք սըրտերու
՚Ւ երիտասարդ քիթերու։
Մինչ Կոմիտաս լայ պարօն,
Խնդայ Ապրօբենդաթոն.
Ո՜հ, լայ ըզքեզ մեր տէրէն,
Հատան արցունքն աչքերէն՝
Չունի ալ ջուր բաւական,
Քըշել ըզչէօփս իւր համայն.
Ըզքեզ ողբայ այգեստան,
Դըդումք եւ ծառք Մաքսուտեան։
Ողբայ ըզքեզ քիլէրդ ալ,
Որ ալ խըրսեն բան չի տար.
Ու առջինէն ալ ագահ
Դարձեր է մեզ, վա՜յ ինձ, վա՜յ։
Կոծի ըզքեզ սըգաւոր
Պոչը կախած խեղճ Ազօր
Ու տաքարիւնն եւ գոռոզ
Բազմակընիկըն խօրօզ։
Ծառերուն ո՛չ մօտենայ,
Կու կուլիկկու քեզ կու լայ.
Երկինք, աստեղք, ժամք եւ օր
Ի սուգ դարձան մեզ բոլոր։
Թ՚ այս է հրաման խիստ բախտին,
Խերն անիծեմ այս կեանքին,
Զի ուր Թագուկ ոչ շնչէ,
Էօմիւր մարդուս ոչինչ է։
Անէ՛ծք Ատայ, չար նախանձ,
Որ թալլեցիր մերին գանձ.
Ուր չես գիտեր ճանչնալ մարդ,
Ո՛րն է բրասան, ո՛րն է վարդ։
Ուր կը փայլին հաւասար
Թոռմած երեսն ու պայծառ.
Խելքով, քսակով մեծ քօքօզք
Երիտասարդք զրդապօզք։
Դարձուր մեզի մեր Թագուկ,
Դարձուր ըզվարդ մեր փափուկ.
Չըլլայ աւրեն գոյն ու հոտ
Քո մայիթապք գարշահոտ.
Որ ծընանի զազիր բոց
Կանթեղ եւ մուխ դըժոխոց։
Բայց Թագուհիդ, թէ մօտ չես
Սակայն մաղթանքս հասնին քեզ։
Ժամանակէն միշտ անմաշ
Ըլլայ կենաց քո խումաշ.
Ծառդ անպտուղ ՚ւ ամուրիկ,
Երջանկութիւնն քեզ էրիկ։
Որդիք քո խինդք ի վայել,
Կոչունք, ծիծաղք եւ ապրել.
Միշտ ի քիլերդ բերկրարար,
Լեցուին անուշք եւ զշաքար։
Բայց մուկերէն անպակաս
Որոնց առջինն եմ, գիտնաս։
Ողջոյն յինէն առ թովիչ՝
Սամանճեան մեծ Մկրտիչ,
Եւ առ տիկին Սերէնա,
Che i cuori rasserena.
Զոյգ Գէորգաց ողջոյն տամ.
Որ մէկմէկու չեն նման.
Եւ առ Օձիկ Պետրոսիկ
Շէքէր սուրաթ Աճեմիկ.
Եւ զՄարիամիկն ողջունէ,
Որ չեմ գիտէր՝ ինչ կ՚ընէ.
Լուցիքան ալ կ՚ողջունեմ,
Որ չեմ գիտեր, ի՛նչ ըսեմ։