Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՄԱՀ ՅԱԿՈԲԱՅ ՉԱՄՉԵԱՆ

Եկո՛ւ, քընա՛ր, աղէկըտուր թելերով,
Զըւարթ պըճնած երբեմն անոյշ վարդերով.
Ո՜հ, այն փունջեր թափթըփեցան իմ չորս դին,
Զի սիրելին իմ գոցուցեաւ ի շիրիմ։
Եկո՛ւ, կապեմ ճակտէդ նոճեայ մի պըսակ,
Սեւ տխրութեանց ոգիք զարնեն քու նըւագ.
Քու մըրմընջիդ հետ խառնըւած զեփիւռիկ՝
Թող փըչէ ցուրտ հոն, ուր հանգչի Յակոբիկ։

Ազնի՛ւ հոգի ու սիրեցեալ ամէնէն,
Ինչպէ՜ս շուտով ելար կենաց պարտիզէն,
Ու հասակիդ ծաղիկներով զարդարուած՝
Այդպէ՜ս կանուխ իջեր ի հող տխրամած.
Ամբողջ գարուն մի չի տեսած այս կեանքին,
Մըթին գաղտնիք շիրմին ըզքեզ պատեցին.
Քոյդ մըտերմաց, որոց էիր քաղցրիկ սէր,
Տե՛ս, ի՞նչ աւանդ թողուցիր, սեւ կսկիծներ։

Գերեզմանին դըռնէն մըտար դու երկինք,
Ուր անթարշամ կենաց բազմիս ի հարկինք.
Հոգիդ սլացաւ մաքուր մարմնէդ առ Աստուած,
Ինչպէս անուշ հոտ մը ծաղկէն բաժնըւած.
Փափուկ գրկէն հէք քուրերուդ սըգաւոր,
Թըռեար ի ծոց վաղամեռիկ հօր եւ մօր.
Բայց մինչ քեզմով խնդան հայրիկդ ու մայրիկ,
Ա՜հ, ի՞նչ կ՚ընեն եղբարք ու քորք նազելիք։

Երիցըս որբ, նստած դարձեալ ի սեւեր,
Այլ ո՞վ սրբէ անոնց աչքին արցունքներ.
Սիրաբողբոջ տունկեր դեռ նոր ծաղկած դուք,
Այս քանի՛ հեղ զարնէ վրանիդ մահուան շուք.
Դու, որ անոնց էիր եղբայր մի սիրուն,
Յիշէ՛, կրկին ունիս այժմիկ գողտր անուն.
Այդ սրտակէզ հարազատացդ անբաժան
Հոլաթեւիկ եղբայր, հրեշտակ մի պահպան։

Ելլէ լուսնակ գերեզմանաց այցելու,
Քօղ մի դէմքին ձըգած ճերմակ ամպերու,
Մութ կամարին վերայ տժգոյն թափառկոտ,
Տե՛ս, գայ շիրմիդ, զերդ տըխուր կոյս ամըչկոտ
Մինչ զովագին փըչէ հովիկ անուշակ
Ու չորս կողմէն բուրեն յասմիկ մանուշակ,
Ո՜հ, մօտ եկո՛ւր յայնժամ առ սիրտըս ցաւած,
Հեզիկ թեւով հսկէ՛ ի քուն սիրելեաց։

Ծաղկէ նաեւ հոն միշտ շուշան ըսպիտակ,
Անմեղութեան սրտիդ ամբիծ նըշանակ.
Վարդըն կարմրիկ ծաղկէ հոն սուր փուշերով՝
Յայտնել ինչպէ՛ս քու կեանդ էր լի խոցերով.
Խանդաղակաթ տեսեր ըզմահ ծընողաց,
Դառն հարուածով մահուն եւ դու զարնըւած՝
Մընաս բարով ըսիր կենացդ արեւուն
Եւ մանկութեան ծիծաղադէմ օրերուն։