Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

26. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

7 փետր., 1906, Կանտ

Սիրելի բարեկամ,

Ձեր նամակը շատոնց է ընդունած եմ, որուն պատասխանը կը յետաձգեմ՝ զայն քերթուածի մը հետ ծրարել ուզելուս համար։

Այս քարտով խորհուրդ մը պիտի խնդրեմ Ձեզմէ եւ պիտի ընեմ առաջարկութիւն մը. յուսամ շուտ եւ գոհացուցիչ կերպով կը պատասխանէք։

Այս օրերուս մէջ Վենետկէն կը ստանամ 400-500 օրինակները «Սարսուռներ» փոքր հատորիս։ Պիտի հարցնեմ, թէ արդեօք ո՞ւր յարմար է վաճառել զանոնք։ Իմ հասցէս՝ անապահով է եւ յեղեղուկ, Վանքն՝ անկարելի է, գրավաճառներո՞ւն կարելի՞ է։

«Անահիտի» հասցէն արդեօք կարո՞ղ է ստանձնել զայն. ուղարկումի ծախքերը (դրամի թէ գրքի) կը հոգամ անյապաղ։

Յուսամ, թէ այս փոքր նեղութիւնը յանձն կ՚առնէք. բայց եթէ ունիք ոեւէ՛ դժուարութիւն, կարող էք պարզապէս յայտնել. այդ նշանախեց մը իսկ չվշտացնէր զիս։

Մնամ ձեռքի ջերմ սեղմումով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան