Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

177. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

15 մայիս, 1912, Թոգաթ

Դանիէլ Վարուժանէն իր սիրելի բարեկամին՝

Թէոդիկին ողջո՜յն

Պարտական եմ քեզի, սիրելիս, պարտական եմ խօսքեր, զոր երկար ժամանակ պահեցի սրտիս մէջ եւ պատառ մը թուղթ չգտայ կարծես զանոնք ծրարելու համար։

…Կը յուսաս զիս այդտեղ տեսնել այս ամառ. իցի՜ւ թէ։ Բայց կաշկանդումներ շատ ունիմ, շատ ցաւեր, որոնք զիս հոս կը գամեն դեռ. «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ»…։ Եւ յուսով կը յուսամ, թէ յուսոյ դռները պիտի բացուին օր մը։ Երջանկութեան հաւատքս չի մեռած տակաւին. սիրտս կը բաբախէ, եւ ինչ որ կը բաբախէ՝ կրնայ խայտալ նաեւ։ Յիրաւի հայրենախտէն վերջ՝ մարդ կրնայ եղեր Վոսփորախտ ալ ունենալ՝ Եղիային պէս։ Կարօտցայ ափունքները, զորս լուսնակը կը կամրջէ իր ծփանուտ ցոլացումովը։

Այս անգամ քեզի մտերմիկ քերթուած մըն է ղրկածս, աղջկանս վրայ գրուած, զոր մեզի հաճելի է կոչել Վարուժնակ, հակառակ իր բուն անունին, որ Վերոնիք է։ Հայրական առաջին երգս «Տօնացոյցիդ» կը նուիրեմ:

Միշտ քուկդ
Դանիէլ Վարուժան