Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

40. ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

3 ապրիլ, 1906, Կանտ

Սիրեցեալ տ[օքթօր] Պազարճեան,

Ձեր տեղափոխութեան ուրախ եմ, եթէ ունի ան իր իրական առաւելութիւնը։ Բատուայ զձեզ աւելի կը ճանչնայ. այդ ծանօթութիւնը Ձեր conférence-ներուն աւելի ականջ պիտի տայ, եւ ականջները՝ սրտերը. այդ սրտերէն գուցէ ըլլան, որ Ձեր նիւթականին ալ օժանդակեն. զայս Ձեր մասին կ՚ենթադրեմ լոկ այնպիսի եղբայրական երազով մը, որ իբրեւ անձէս ելլար՝ անձիս համար։

Գործերնիդ լաւ ձեւ մը կ՚առնէ՝ լուր մը, որ բաղձանքս է. կը մաղթեմ մնայուն յարատեւութիւն նոյն այդ ձեւին մէջ։

Ձեր ուզած քերթուածին գաղղ[իերէն] թարգմանութիւնը կ՚ուղարկեմ։ Ջանացած եմ, որ հարազատ ըլլայ ան, բայց իր գաղղիերէնը գաղղիերէն ըլլալէ հեռու է՝ գէթ այսպէս կը նկատեմ ես։ Հոս արդէն անտիպ քերթուածներէս քանի մը հատ թարգմանած եմ, որոնցմէ մէկ փոքր մ՚ալ Ալմանախ ի մը մէջ կը հրատարակուի այս օրերս։ Մէկդի թողլով իմ տակաւին անվարժութիւնս՝ իրապէս մեծ դժուարութիւն կը գտնամ հայերէնէ գաղղիերէն թարգմանութեանց մէջ։ Երբ գրութիւնը պատկերոտ եւ միանգամայն խիզախ ձեւերով է՝ դժուարութիւնը կը կրկնապատկուի. անոր համար է, որ Հիւկօն եւ մեր մէջ Ալիշանը գրեթէ անթարգմանելի նկատուած են։ Մեր աշուղներուն խօսքը չեմ ըներ։ Իրենց գրութիւնները որքան որ պատկերաւոր են, բայց կտրուկ են նաեւ, յետոյ վախ չկայ զիրենք gongorisme-ի [1] մէջ ձգելու քանի որ մեծ մասամբ այնպէս են արդէն։ Գաղղիական լեզուն չափուած է, ձեւուած է նոյնիսկ իր պատկերներով, գրեթէ բիւրեղային է եւ անզօր մեր յանդուգն նկարները գրելու. այս մասին անցեալ օր պելճիքացի մէկ բարեկամի մը կ՚ըսէի. «Մէկ խօսքով մեր Աստղիկը Ձեր հայելիին մէջ խափշիկ կը ցոլայ»։ Գէթ ես ատանկ կը գտնեմ։

Բայց յուսամ, թէ Դուք գերմաներէնին մէջ պիտի յաջողիք. լսածիս համեմատ գերմանական լեզուներուն ձեւը ունի դիւրութիւններ՝ գրողին կամքին համեմատ խմորուելու։

Կը ցաւիմ, որ գերմաներէն չեմ գիտեր. ինչպէ՞ս կարող եմ Գերմանիան ինծի օգտակար ընել։

Ձեր որոշումին «Սարսուռերէն» թարգմանելու՝ շնորհակալութիւնս եւ բարեյաջողութեանը մաղթանքներս։ Եթէ կարենաք մեր հին եւ նոր հեղինակներէն բաւական բան թարգմանել՝ շատ օգտակար պիտի ըլլաք։ Գերմանիան մեզ չի ճանչնար՝ որչափ կը ճանչնան միւս մեծ պետութիւնները. կը մտածեմ, թէ այդ միակ միջոցը չէ՞ այդ շահախնդիր ազգը համակրութեան հակելու. սէրը անմիջական ծնունդն է ծանօթութեան, եթէ այս վերջինին ենթական է մանաւանդ առաւելութիւնները անձին։

Գալով իմ մասին կ՚աշխատիմ Ձեր ներշնչումէն գօտեպնդուած։ Շատոնց է նոր բան մը չեմ գրած. դասերս եւ նամակներս կը ճնշեն։ Վերջերս հազիւ ժամանակ գտայ սկսելու քերթուած մը «Անիի» վրայ։ Մեծ արձակուրդէն վերջ յուսամ, թէ նոր հատոր մը կը լրացնեմ, բոլոր հայրենասիրական ։ Անոր մէջ ջանացած եմ մէկ անկիւնաքարը դնել հայ արուեստին։ Հիմնական տպագրութեանը մասին մտատանջութիւնը առած է զիս։ «Սարսուռներուն» հրատարակման պատմութիւնը երկար է եւ ողբերգական. այդ ողբերգին առաջին արարուածը շահով կը սկսի, վերջինը քահանայով կը լրանայ։

Անցեալ օր Միլտոն կարդացի եւ «Ֆաուստն» ալ երկրորդ անգամ։ Առաջինին՝ երկրորդ եւ (ի՛նչ որ կը յիշեմ) իններորդ երգերը հրաշակերտներ են, մէկին մէջ քաոսին. միւսին մէջ դրախտին լարերը ա՛յն աստիճան զօրեղ հնչուած են, որ մարդ անոնց զուգակշիռին հանդէպ ինքզինքը խաւարի եւ լոյսի արարչագործ հերձնումին գերագոյն վայրկէնին մէջ կը կարծէ։ «Ֆաուստին» առջեւ կը լռեմ, եթէ «Համլետի» մէջ՝ Մարդո՛ւն կեանքն է երգուածը, «Ֆաուստին» մէջ՝ Մարդկութեան կեանքն է, կեանք մը՝ իր ամենամանր եւ ամենամեծ յօդուածներովը։

Մասնաւոր լուր չունիմ հաղորդելու։

Հօրմէս ջլատիչ նամակներ կը ստանամ. սկիզբէն ի վեր դառն ու միանգամայն տհաճ դժգոհութիւն մը ցոյց կու տայ որոշած ասպարէզիս հանդէպ. այն դիրքին մէջ եմ, որ կամ հօրս պէտք է ծառայեմ, կամ հայրենիքիս. մինչ ցարդ վերջինն է ընտրածս. տեսնանք։ Մէկ խօսքով՝ տխուր է ծնողքի այն մեծ Սէրին յագուրդ չտալը։ Չերկարեմ։

Յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր ծրագիրներուն։ Առայժմ գերմանացի բարեկամներուդ կը համակրուիմ նոյն Ձեր մէջը։

Սիրալիր աջասեղմումներս

Ձերդ
Դ. Վարուժան



[1] Ոճազարդում։