Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

65. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

[23-24 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ]

Սիրելի տօքթօր Պազարճեան,

Ստացայ Ձեր քննադատութիւնը։ Կարդացի եւ ժպտեցայ։

Եթէ այդ ժպիտը չէր սփինքսային, պատճառը Ձեր վերջին էջն էր եւ ասդ անդ ցրած քանի մը պարբերութիւնն էր, որոնց մէջ ես կը գտնէի քննադատութիւնը գրելու արդար նպատակ մը եւ ապացոյցը Ձեր անկեղծ համոզման պատկերացումին։ Ինչ որ չեմ ընդունիր՝ այդ համոզման բազմաթիւ մասերուն անճշդութիւնն է եւ այդ պատկերացումին այն մղիչ եղանակը. որ Ձեզմէ թուարկուած իրական կամ կարծեցեալ սխալները իր ծանրութեամբը բնաւ չհամակշռէր։ Այս վերջին կտորը Դուք եւս անդրադարձած կը թուիք եւ կ՚ըսէք, թէ տեղ-տեղ պիտի մեղմացնեմ քննական խստութիւններս։

Ես հոս, բացարձակապէս կարեւոր է, որ աչք մը տամ Ձեր քննադատութեան եւ վայրկեան մը մէկդի դնեմ մեր բարեկամական ոճը՝ զայն ըստ իր ժամանակին ջերմեռանդօրէն վերստին ձեռք առնելու պայմանով։

          ***

«Սարսուռները» տպագրութեան յանձնելէս մինչեւ այսօր զայն կուրօրէն չեմ համարած բոլորովին կատարեալ. անոր մէջ քանի մը détaille-ներ պակասաւոր են, ու երեք քերթուած անյաջող, որոնք նաեւ զուրկ պիտի չըլլան հետաքրքրութենէ՝ առանց մեծ արժէք մ՚ունենալու մինչդեռ Դուք բոլորին մէջէն երեք քերթուած միայն յաջող կը գտնէք եւ միւս մնացածին մէջ՝ երբեմն détail-ներ լոկ կատարեալ եւ հարազատ։

Արդ, այդ վարուժանական ըսուած պտղունց մը գեղեցկութեան համար ամչցնելու աստիճան կը շռայլէք գովեստներ, կ՚ամրապնդէք առաջին յոլեր եւ կը գուշակէք մեծ ապագայ. ինչ որ բացարձակապէս չեմ ընդունիր, եւ ընդունել ուրիշ բան չէ, բայց թէ ըլլալ ապշօրէն միամիտ եւ մէկ գարեհացի պաշարով ձեռնարկել Սահարայի մը ճամբորդութեան։ Ներքին ձայնի մը գիտակից եմ, բարեկա՛մ։ Եթէ զիս համոզէք, որ զարկած քնարս մէկ լար ունի, եւ միւսները օտար են եւ օտարներէ զարնուած՝ ես այսօր զայն կը ջախջախեմ։ Եւ միայն վարուժանական երեք քերթուած պարունակող այդ երկու էջ «Սարսուռները» մի առ մի կ՚այրեմ եւ իւրաքանչիւրին մոխիրը կը յանձնեմ զատ զատ հովերու։

Բայց դժբախտաբար ո՛չ պ. Չօպանեանի կոչած «Դուրեանական» անճշդութիւնը, ո՛չ Ձեր «փոխառութիւնը», ուրիշին գործերուն եւ գաղափարներուն անվայելօրէն ձեռք կարկառումը, այն ամբաստանութիւնները կարող են խաթարել քանի մը չնչին քերթուածներուս հարազատութիւնը եւ ի մէջ այլոց այդ երկու հեղինակներուն՝ ըլլայ Դուրեանի եւ ըլլայ Հիւկոյի, հոգւոյն մասին ունեցած ճանաչողութիւնս. այդ պարզապէս պոռնկորդի կոչել է բոլոր զանոնք, զոր ես իմ հարազատ արիւնովս ծնած եմ ու սեպհական երեւակայութեամբս սնուցած։ Եւ եթէ անոնք իրարու չեն նմանիր ձեւով եւ գոյնով. ներքնապէս ինչ մը կայ, որ նման է եւ գոյակից մէկին եւ միւսին մէջ, քանի որ բոլորն ալ ծնունդ են միեւնոյն նախահիւթէն, որ իմ եսս է։

Ես իմ եղբօրս երբեք երեսերեւոյթով եւ գործելու եղանակով չեմ նմանիր, բայց բնութիւնը կ՚ուզէ, որ ես իր ձկտումները, իր հակումները եւ նոյնիսկ իր ճաշակը ունենամ եւ երկուքնիս՝ մեր ծնողքինը։

Ես բնաւ պիտի չուզէի, որ բոլոր «Սարսուռները» «Հայր, օրհնէ»-ներ եւ «Հիւանդ է»-ներ ըլլային. ասիկա միօրինակ պիտի դառնար. եւ քանի մը նմանօրինկ քերթուած, յետոյ՝ ձանձրացուցիչ։

Հոգեկան տրամադրող վիճակը, նիւթը, միջավայրը, որակը եւ մանաւանդ չափը կը պահանջէ արտադրութեան շեշտը եւ կերպը փոխել, դարձել միալար։

Ոչ, բարեկա՛մ. «Սարսուռները» իմս է, ջղերուս կեանքն է ան։ Բոլորովին կը սխալիք թէ՛ Դուք եւ թէ՛ Չօպանեան, երբ անձիս մէկ մասը Հիւկոյի եւ Դուրեանի մէջ կը բաժնէք։ Մանաւանդ Դուրեանի. այս սխալ է, յաւերժօրէն սխալ. Դուրեանը հասկցած էք, զայն հասկցած է Չօպանեան, նոյնիսկ, եթէ չեմ սխալիր, կենսագրութիւնն ալ գրած է. Ես պիտի ամչնայի դեռ իրիկունը գրել՝ զայն ելլալ բացատրելու։ Նոյնիսկ ողջ հինգ տարի է զայն ձեռք առած չունիմ։ Այսօր առաջին անգամ Ձեզմէ դրդուած փոխ կ՚առնեմ Կանտի հայ ընկերներէս մէկէն, որ նաեւ ուսանող է Մուրատ-Ռափայէլեանի։

Եղբա՛յր, ո՞ր քերթուածին, ո՞ր խօսքին մէջ այդ ազդեցութիւնը կը գտնէք, կ՚երազէ՞ք արդեօք։

Ձեր թուած օրինակներուն մէջ, որոնք հաւանական է ամենէն ազդուածները կարծուած են, կը գտնիմ հետեւեալ տողին մէջ (դիր ամբողջ կտորը)

Եւ դամբանի ջահին մրուրովը սուգի.

նմանութիւն մը Դուրեանին, սա բացատրութիւնն։

Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՜ծ,

Արդեօք դամբանի մրո՞ւրով է գծուած.

Ահա ամէնը։ Եթէ այս ալ կարելի է ազդեցութիւն համարել։ Միւսները.

…Այս քընարս է շինուած, տե՛ս,

Սեւ նոճիէ փթթում մահուան աւիշի,

Ուր հողմակած պիտի ծըլի վիշտն աղեկէզ։

Երգերն անոր պիտի պատմեն Սարսուռներ

Մարմնաւորած իմ արիւնէս, շարժումէս։

Մանաւանդ վերջին երկու բացատրութիւնները Դուրեանի նշանախեց մը նմանութիւն չունենալէ զատ, անոր հոգւոյն ուղղապէս հակառակ են։ Դուրեանը բնաւ մեզ չէ ըսած, թէ իր քնարը նոճիէ շինած է եւ թէ այդ նոճին բողբոջած է՝ ծծելով մահուան (կամ աւելի սովորական ըսելով) դիակներուն աւիշը։ Այն աստիճան այս հոծքը (բացատ) իր խառնուածքին տգեղ եւ անբանաստեղծական պիտի գար։ Բնութիւնը մեզ ամէնուս ի սպաս դրած է. բոլորս ալ իրաւունք ունինք ամէն ներկ առնելու. նմանապէս նոճին, մրուրը, փթթումը, ջահը, նոյն աւելի լայն ներշնչումը ունի ան, երբ աւելի մեծ թիւով ներկեր կ՚ընդշմարէ ու կ՚առնէ։ Անձնականութիւնը կիրարկման մէջ է։ Դուրեանի տխրութեան շարժիչը նոյն իր անձն է, իմինս՝ ուրիշները։ Դուրեան կ՚ողբայ՝ իր չկրնար ժպտելէն, ես կ՚ողբամ՝ գութէս եւ բարկութենէս. Դուրեան կը զգայ բնութիւնը.

Լըսեց երկինք մեր ջերմ ուխտ

Աստղեր սրսկեց ի գորով,

Բնութիւնն եղաւ պըսակիչ,

Մեզ պսակեց աստղերով։

Ես կը բացատրեմ զայն.

Սեւ նոճիէ, փթթում մահուան աւիշի…

Դուրեան զինքը կը նկարագրէ.

Եւ մինչեւ ցերբ թրթռան աղիք ցաւած սրտիս եւ քնարի…

Ես զիս կը վերլուծեմ.

Երգերն անոր պիտի պատմեն Սարսուռներ՝

Մարմնաւորած իմ արիւնէս, շարժումէս…

Եթէ ներելի է այս բացատրութիւնը՝ Դուրեան բնաբան է, ես՝ տարրաման։

Չերկարեմ։ Ես իմ մէջ ամենանուրբ ազդեցութիւն մը չեմ գտնար Դուրեանէն եւ ոչ նմանութիւն, եթէ երկուքս ալ հայորդի ենք. եւ երբ ինք ծնած է [Մոտայի] նոճիներուն տակ, ես ապրած եմ հոն ամբողջ վեց տարի։

Գալով Հիւկոյի, ճիշդ է, որ ես զինքը ստէպ կարդացած եմ եւ սիրած (թող որ այսօր ինծի համար նշանակալից հմայք մը չունի), բայց դարձեալ չեմ ընդունիր, թէ այս անիծեալ քնարս, սեղանիս վրայ, կու գայ յաճախ ինքը զարնելու. ան փոքր է, իր ձ[իր]քերուն բաւական բարեկամ ենք եղած, այն հանճարին շունչը խանդավառելու թմրած վայրկեաններս։

Ես իրեն այնպէս եմ, ինչպէս որ ինքն Լամարդինին կամ Շաթոպրիանին։ Րոմանտիկ դպրոցի սիւն ըլլալով, ինքն իբրեւ գլխաւոր ու վիրտիոզն այդ դպրոցին, կարող է ինձ սորուեցնել ծնանիլ, բայց ստեղծել եւ յղանալ՝ ո՛չ. ինքն մինչեւ հիմա մահ կը լարեր քնարս, եւ ես ինքս իմ ձեռքով զարկած էի իմ արտօսրած եղանակս՝ իմ ուզած եղանակովս։ Իսկ այսօր սովրա՞ծ եմ այդ լարերու՝ ագոռն ընելու կերպն ալ։ Չեմ գիտեր, կը սպասեմ որ իմ քննադատներս զայն ինծի աւետեն։ Ձեր իրիկուան աղօթք ըսածը, որուն caricature գուցէ կը համարուի «Յաւերժութեան սեմինը», ես իր քանի մը հատոր բանաստեղծութիւններուն մէջ չգտայ, եթէ ինձ անծանօթ իր մէկ հատորին մէջ է, կը խնդրեմ, ինձ իմացնէք, գուցէ «Աղօթք հասարակացն» [է], որ կ՚ակնարկէք։

Բայց զայդ Հիւկօն իր մայրամուտքի օրերուն չէ քանդակած, զայն գրած է 1830-ին, երբ 28 տարեկան էր՝ դեռ բոլորած մէկ երրորդ մասը իր կենցաղին։

Ան բոլորովին տարբեր է. «Յաւերժութեան սեմինէն» լոկ միջանկեալ մաս մը կայ, որ կը խօսի մեռեալներու մասին. բայց ատ ալ ոեւէ նոյնութիւն չունի իմ քերթուածիս հետ. եւ չէր ալ կրնար ունենալ. մեր երկուքիս ծրագիրներուն իրարմէ տարբերութիւնը՝ նպատակի եւ կազմութեան տեսակէտով, անխուսափելիօրէն անկարելի կը դարձնէ մեր գրածներուն մէջ ոեւէ նմանութիւն։ Կ՚աղաչեմ, որ անգամ մը եւս ուշի ուշով բաղդատենք։ Այս առթիւ, սիրելի բարեկամ, եթէ բարի նպատակներուդ համոզուած չըլլայի, այս առթիւ խիստ պիտի վիրաւորուէի Ձեր կիրարկած բացատրութիւնէն, թէ Վարուժանին ուրիշի գործերուն եւ գաղափարներուն ձեռք կարկառել չի վայլեր ։ Այս ըսուածքին մէջ կայ մեղադրութիւնը գիտակցօրէն եղած նմանողութեան մը, ինչ որ միշտ ինծի ատելի եղած է, այն քնքուշ եւ խորհրդաւոր օրէն ի վեր, երբ պատանիկը ուսուցչէն 1902 ի առջի շարադրութեան նիւթը կը ստանայ։ Ես պարծանքով հոս կը կրկնեմ նմանող ամբաստանած Միւսէի ան խօսքերը…

Գանք ուրիշ խնդրոց։

Սիրելի բարեկամ, իրաւացի է, թէ չեմ ուսումնասիրած ըստ բաւականի եւրոպական հեղինակներ, մինչ ցարդ վարժարանի աշխատութիւններս թոյլատրած չեն զայս։ Բայց թէ ո՛չ մի նշանաւոր հեղինակ ՝ այս չեմ ընդունիր։ Ես կը կարծեմ, թէ (բացի միջազգային գլուխ գոր[ծոց]ներուն ընթեռնումը) լաւ թափանցած եմ գէթ Շեքսփիրը, Հիւկօն, Ռուսօն, Պոտլերն ու Աստուածաշունչը։ Եւ իբր թէ Մխիթարեան միջավայրէն առած եմ ինչ որ դիւրին է, պարզ՝ սովորուն եւ յոռի, այս լոկ քմծիծաղ կ՚արթնցնէ յիս։ Երբ հրատարակուեցաւ «Սարսուռները», որ Մխիթարեան շրջանակէն դուս գուցէ շիւղի մը արժէքն ունի, այդ շրջանակին մէջ կարծուեցաւ նոր եւ արժէքաւոր գործ մը։ Այս Ձեզ ծիծաղելի կը թուի, նաեւ ինձ, բայց այս այսպէս է։

Արդ Մխիթարեանները հին Մխիթարեանները չեն, քանի մը անձերու բացառութեամբ։ Բացի «լեզուէն», ինչ կ՚ուզէք, որ առած ըլլամ անոնցմէ։ Ամէն օր հայերէն դասի ժամանակ կռիւ ունէինք։ Օր մը օրանց իրանց «Ծաղկաքաղին» վրայ գլուխս խոնարհեցուցած չեմ։ Ամէն օր ըմբոստացած, կռուած եմ թէ՛ իրենց սորուեցուցածին, թէ՛ ճաշակին եւ թէ՛ յոռի վարչութեան դէմ։ Դերենիկը ծանօթ է իմ բոլոր հեստութիւններուս եւ հոգեկան կռիւներուս։ Ես Մուրատ-Ռափայէլեանի մէկ չար ծաղիկն եմ եւ իր ծրագրին (եթէ արդ ունի ծրագիր) մէկ ապստամբ զարտուղութիւնը։ Ես զիս կը համարիմ նոր բողբոջը հայկական նոր սերունդին։ Մուրատ-Ռափայէլեանը հին է դեռ, բայց ոչ այն իր առողջ հնութիւնը. այլ ժամանակի ընթացքին մէջ չորցած, գոսացած, նրան յառաջադէմ եւ տարբեր պահանջին դեռ անհաղորդ հնութիւնը, որ փոշի-փոշի կը քայքայուի եւ կը քայքայէ փոքր ըղեղներ ու տկար նկարագիրները։ Չերկարեմ։

Իջնալով Ձեր քննադատութեան մանրամասնութեանց՝ կ՚ընդունիմ քանի մը դիտողութիւններ եւ ուրիշներ տրամաբանօրէն կը մերժեմ։

«Մուսային» մէջ.

Ուր հողակոծ պիտ՚ ծըլի [վիշտն] աղեկէզ

Համաձայն եմ Ձեզ հետ, թէ ոչինչ կայ այս տողին մէջ։ Բայց հետեւեալ տողին մէջ միթէ իրաւցնէ՞ չէք ըմբռներ պատկերին գեղեցկութիւնը։

Ուր որ կ՚երթայ ոտքը բոպիկ՝ խեղճութիւնն։

Այս ամբողջ խորհրդանշական նկար մը գծեցի, ճամբու մը վրայ, ոտքերը բոպիկ թռած արարած մը. եւ գրեցէք ներքեւ խեղճութիւն ։ Յետոյ.

[Սեւ] նոճիէ, փթթում մահուան աւիշի։

Եւ տողին մէջ պատկերն իր խոհութեամբն հանդերձ այնքան ցայտուն է, որ ինձ կը թուի, թէ ջղային չափաւոր զգացողութիւն մը բաւ է զայն ըմբռնելու համար։

(«Ձիւնէ դագաղը»)

Լռութեան ծոցն երկրորդ աշխարհը մերին (եւ այլն)։

Այս մասին կ՚ըսէք (ազնիւ մարդը իր բուն հայրենիքը կը դառնայ. ինչո՞ւ համար այդքան ողբ. ) ինչո՞ւ այդքան ողբ. լաւ, ուրեմն կարդացէք քերթուածին երկրորդ մասն ալ, զայն մի համարէք, մի նկատէք աւելորդ, քանի որ դեռ ան կարող է Ձեր հարցումները գոհացնել. ան Ձեզ պիտի ըսէ, թէ ողբացէք այն, որ ոչ թէ կը մեռնի, այլ այն, որ թշուառ ապրեցաւ, ողբի մահուան համար չէ, այլ թէ ինչպէս կը մեռնի եւ ինչ եղանակաւ ապրեցաւ։

«Դաստիարակը», «Հաշիշը», «Տղաք, ներեցէքը» թոյլ են։ Մի՛թէ «Հաշիշն» ալ թոյլ է… Ես կը լռեմ, երկար պիտի ըլլայ հոս գեղարուեստական քրքրումներու դիմել. խնդիրը քիչ թէ շատ, առաւել կամ նուազ ճաշակի շուրջը կը դառնայ, որ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ զգացման բանաձեւած անձնականութիւնը. հետեւաբար մեր կշռադատութիւնները առյաւէտ ենթակայական պիտի մնան։ «Վշտին» համար ոչինչ կ՚ուզեմ ըսել. անկէ մաս մը օրինակ բերած էք. ընթերցողը կարող է դատել. որչափ աւելի ըլլային օրինակները՝ այնքան աւելի ուրախ պիտի ըլլայի, գէթ ասիկա միջնորդին ազդեցութիւնը կը մեղմացնէ գրողը կարդացողին հետ ճակատ ճակտի բերելով։

Իսկ գալով «Մուրացիկին» (քանի որ այս մասին կը քննադատէք), երկու մասէ բաղկացած է. այս մասերուն որոշ բաժանումը ծրագրին պայծառութիւնն է. անոնց սերտ միացումը, անո՛նց ծրագրին ճարտարութիւնը եւ գեղեցկութիւնն է։ Ի՛նչ աւելի գեղեցկաւոյն, ի՜նչ աւելի հոգեբանական, քան է փոքր պատկերի մը կերտմամբ անցնիլ։

«Արիւնոտ ճիւղը»։ Այս մասին Ձեր քննադատութիւն ոչ այլ ինչ, բայց եթէ բազում աղմուկ առ ոչինչս։ Հոս Ձեր քննադատութիւնը կ՚երկճըղի պալլատը եւ Չօպանեան միասին ջախջախելու։ Հեգնօրէն կը զարմանաք, ջղաձգօրէն կ՚ընդգծէք ու վստահ Ձեր շանթ ու կրակին, երբ կը համոզուիք, թէ այլեւս քերթուածը, այդ հաւ փիւնիկը կազմուած է զգացողութեանս, երեւակայութեանս ջերմութենէն, արդ այրած, փոշիացուցած էք, ան իր մոխիրներէն հանելովն կը վերածնի. բայց աւա՜ղ, ճանկերէն մին միշտ ջարդուած, միշտ պակասաւոր. ի՜նչ փոյթ, ան գեղեցիկ է, ի՜նչ փոյթ, ան թռչելու թեւեր ունի։

Վերլուծենք։

Գծած նկարը բնական է։ Բաւ է, որ մին բնութիւնը ուշի ուշով դիտած ըլլայ՝ կը համարիմ, թէ տեսած է մերթ ճիւղեր, մացառներ, որ գետը իր ափերէն հաւաքած կը բերէ, մերթ ամբողջ սարահարթի մը մէջ անջատած մասը կու գայ ալիքներէն, կամ չորցած թուփ մը, որուն շուրջը կիտուած ոստերը փրփուրներէն հարկի) կը հաւաքուին։

Մի՞թէ իրօք չէ՞ք տեսած, որ այս թափառկոտ կոյտին մէջ ցրուած ոստ մը կամ մասամբ դեռ չթրջուած եզերքներուն տեղը իր կոթունին վրայ դեռ չոր է եւ դեղին։ Ո՞ր դիտող աչքը պիտի չնկատի, որ այդ կոյտը՝ մերթ կանաչ ճիւղով մը բեռնաւոր, հեռուէն ալիքներուն վրայ անդաստական կու գայ անորոշ զանգուածի մը պէս, երբեմն թեթեւութենէն, առանց ամբողջովին ընկղմելու ջուրին յատակը ծփանքներուն մէջէն՝ միշտ վեր բռնելով իբրեւ վերջին յոյսի մը անյաղթելիութեամբ այդ դալար ճիւղը՝ մխրճած իր ցախերու, կամ աւազակոյտին մէջ. ո՞վ չէ զգացած այն հաճոյքը, երբ այն անորոշ զանգուածին մէջ վերջապէս նշմարած է այդ կեանքի մասը, այդ ոստը թափառիկ, որ դեռ իր ցցած ծայրին վրայ, տերեւներուն մէջ կը կրէ քայքայած բոյնի մը մնացորդը կամ ծուէնը, շիղ մը կամ քնքուշ եւ դիւրաեղծ բժոժը թրթուրի մը կամ (եթէ կ՚ուզէք) չորցած (ա՛յս, չորցած) արեան նետուածքներ։

Այս այնքան բնական է ինձ, որ բացատրութիւնները աւելորդ կը նկատեմ, բայց պիտի ըսէք, որ այդ ամէնը նկարագրուած չէ Ձեր քերթուածին մէջ։ Նախ կոյսը չէր կարող այդ ամենէն ընդնշմարել հեռուէն, յետոյ՝ աւելի մօտէն, բնական է, իր ուշը պիտի գրաւէր արմաւենիի դալար ճիւղը՝ իր պատկերի խտութեամբ եւ գեղեցկութեամբ հոգեբանօրէն առաւել ազդելով իր զգացողութեան. նոյնպէս նկարագրողը չէր կրնար անկարեւորը գծելով՝ մէկդի թողուլ ինչ որ բնական է, իր անմիջական յարաբերութեամբ զգացումին հետ։

Եւ բաւ համարած եմ ըսել.

«Ցըցուած մէջ տեղ փրփուրներուն սպիտակ»

որ ջրէն քշուած զանգուածի մը նկարին ցայտուն մերկ գիծը կը կազմէ։ «Ցից ծայրին» վրայ այս բացատրութիւնն եւս բաւական է ճիւղին վերամբարձ դրութիւնը նկարելու։ Արդէն ինչ անտեղութիւն էր ամէն մանրամասնութեանց իջնել։ Ո՞վ կը մտածէր, թէ Արուեստի գործ մը մաթեմատիկական ակնոցներով դիտելը խծբծուի։ Այս պարզապէս տափակութիւն է։ Նոյն քերթուածին մասին դարձեալ զարգացմամբ կ՚ըսէք. «Անոնք անպատճառ պէտք են ըլլալ ռազմիկ փեսային սրտէն ժայթքած արիւնի կաթիլներ»։ Կրնան չըլլալ. բայց պէտք էք գիտնալ, որ աղջիկան մենախօսութիւնը յոյսի եւ կասկածի բուռն խառնուրդ մըն էր։ Այսպիսի պարագայի մը մէջ միտքը միշտ յոռետես կ՚ըլլայ. կասկածը չարագուշակ նշան մը փաստի կը փոխէ, իր մեծութեան չափ կը մեծցնէ, իր որակով կ՚որակէ։ Հետեւաբար կասկածող հոգին կը տանջուի այնչափ, որչափ կը յուսար։ Յոյսին քանակը յուսախաբութեան պարագային վշտին քանակը կը սահմանէ։

Այս հոգեբանական է։ Կոյսին տանջանքը արդարացի պիտի գտնէք, երբ իր մենախօսութեան մէջ ըմբռնէք իր հոգին լի բուռն սիրով եւ ակնկալութեամբ, զոր միշտ կասկածանքը իր մագիլներուն մէջ կը բռնէ։ Եթէ ատիկա չընդունիք՝ անտեղի գտնելով կոյսէն ճիչ մը կամ հոգեկան ու ցնորքի տագնապ մը, մերժած պիտի ըլլաք ամբողջ Օթելլոյի, անմահ Օթելլոյի հոգեբանութիւնը։ Բառ մըն ալ այս մասին. ինչո՞ւ կոյս բառն ընդգծած էք եւ ռազմիկը՝ փեսայ ըրած. ասի չէր կրնար սիրահար կամ նշանած ըլլար, մանաւանդ նշանած չէր կրնար ըլլալ։ Կոյսն ընդգծելը անոր կուսութիւնը պղծելու պէս բան մ՚է. ուշադրութիւն բարեկամ, գուցէ հէգ զինուորը այդ անպատւութիւնը չը կլլէ ու իր վերադարձին, իր զինուորի խառնուածքով ապտակ մը իջեցնէ ինձ, պ. Չօպանեանին ու աւելի Ձեզի, Ձեզի, որ իր համար նշանածէն [ջիղ] մը, սիրոյ տագնապ մը աւելորդ տեսնելէ զատ, զինքն առագաստի առջին վայելումէն իսկ կը զրկէք։

Հետեւաբար դարձեալ երկուքս ալ պ. Չօպանեանի հետ համաձայնինք այդ պալլատը նկատելով եթէ ոչ գոհար մը, գոնէ ոչ ալ անարգ կաւ մը անարուեստօրէն կաղապարուած։

«Յաւերժութեան սեմին»։

Մահաբեմերն (ուր միշտ պատրաստ Սատանին) կ՚ընդունիմ այն, թէ իր տարօրինակութեան մէջ չէ գեղեցիկը, բայց ոչ վերջի չորս տողերը, որոնց մասին Դուք, ի՛նչ կ՚ուզէք ըսէք, անոնք իրենց հիւսուածական համեմատութեամբ եւ ուժգնութեամբ իրենց սիրողները պիտի ունենան։ Բայց եւս կը թողում հոս մանր խծբծանքներուն պատասխանել, կ՚ուզեմ միայն տեսնել, թէ ի՛նչ սխալ է ան, որ անգամ մը քերթուածին մէջ սպրդած է ու հետզհետէ արմատացած։ Ոտանաւորին նիւթը աւելի իմաստասիրական մտքի կը վերաբերի, քան սրտի, նոյնը կը յայտնէ մեռեալին ինձ հետ ունեցած սրտիս անարիւնակցութիւնը, նոյնը կը յայտնէ մանաւանդ, նոյնը կը յայտնեն յաջորդ բոլոր տուները։ Բայց ինչո՞ւ այդքան զգացում։ Ի՛նչ զգացում է այդ եւ ի՛նչ վիշտ։ Այդ վիշտը տանջուող հոգուոյ մը վիշտն է, որ հեռացած պահ մը իր (քրիստոնէական) հաւատալիքներէն եւ դեռ նոր շրթունք կարկառած ընդդիմամարտ իմաստասիրութեան՝ կը տեսնէ, որ իր աջ ոտքին տակ բոլոր հաստատութիւնը կը խուսափի, մինչդեռ ձախը՝ դեռ անհաստատ, դեռ[անարի], յենակէտէ մը կարկառած անդունդի մը վրայ կը տեսնէ, որ գանկին մէկ կէսին մէջ պատանեկական հասակի բարեպաշտական գիտութիւնը հաւատքին հետ մեռնելու վրայ է, մինչդեռ միւս կէսը տակաւին չէ գոհացած, տակաւին հարցումներով է լեցուն։

Այդ քերթուածը այն ատեն կը յղանար մէջս, երբ փոխն ի փոխ կը կարդայի Ռուսօն, Թոլստօն եւ Վոլթեռը ու այս ամէնուն հետ՝ Աստուածաշունչը։ Կարող չեմ ըսել, թէ ի՜նչ հոգեկան տանջանք էր, ի՜նչ ճգնաժամ էր, որուն մէջ ես կ՚ապրէի այդ օրերը։ Լոյսի ու խաւարի կռիւ մը կար մէջս, եւ ես չէի գիտեր, թէ ատիկա արշալո՞յս է, թէ՞ վերջալոյս. բայց գիտէի, որ այդ երկուքին նման հոգիս կարմիր կը քրտնէր, հոգիս արիւն կը քրտնէր ճշմարտապէս եւ խորապէս կը տանջուէի։

Այն օրերուն մէջ այցելութիւն մը Վենետիկոյ սուրբ Միքայէլի գերեզմանատունը բաւական կ՚ըլլար զիս յուզելու եւ բոլոր մտատանջութիւններէս վերջը մղելու երեւակայութեան եւ զգայուն այդ բարբարոս փղձկերումին, որուն ծնունդ կու տար ինքն՝ իմաստասիրութիւնը՝ դեռ մէջս նորածին եւ անորոշ, բայց զօրեղ ու յարաճուն։

Այս արցունքով չարտասուե՞ց այն աննմանօրէն հսկայ Լեոփարտին, որուն վիշտը աւելի մտքի ծնունդ էր՝ քան սրտի, տիեզերական՝ քան անձնական. ա՛յն՝ որ դժբախտ եղաւ, վասնզի իմաստասիրեց։

Բայց ինչո՞ւ երկարել այսչափ.

Արդէն իսկ բացատրեցի Ձեզ իմ, իմ հոգիս անկեղծօրէն եւ առանց վերապահութեան։

Կը լրացնեմ ՝ ներողութիւն խնդրելով երբեմն անձնագովութիւններս, զորս որոնք անկարելի էր չընել, երբ նոյն իմ գործս կը պաշտպանէի. դարձեալ կը ներէք, որ ստիպուած կը հակառակիմ Ձեր քննադատութեան բազմաթիւ մասերուն, զոր համոզուած եմ, թէ բարեացկամութենէ մղուած գրած էք, որուն համար յաւէտ շնորհակալ եմ ես։ Գուցէ բնաւ չմտածէի գրութիւնս պաշտպանել, եթէ արդէն իսկ ժողովուրդին մէջ անուն մը շինած ու հաստատած ըլլայի եւ Մխիթարեաններէն յարաբերութիւնս կտրած. վասնզի Ձեր յօդուածը այդ ոճով գրած աւելի վրայէս յոյսերնին կտրել կու տայ անոնց, քան թէ յոյս կը ներշնչէ, ապահով եմ ասոր։ Դեռ ճամբուն սկիզբը կ՚ուզեմ, որ հրատարակելով դեռեւս մի քանի արտադրութիւններս՝ ալ հասարակութենէն առանց միջնորդի ճշգրտօրէն հասկցուիմ։ Դեռ կանուխ է, եւ դեռ եւ ոչ իսկ քննադատներս հասկցած եմ իմ ճշգրիտ խառնուածքս։

Բայց պիտի ըսէք, որ խելացի քննադատութիւն մը ինչ-ինչ մասերուն մէջ ինձ կարող է օգտակար ըլլալ։ Ճիշդ է, զայդ չեմ ուրանար, այս պատճառաւ երբեք պիտի չուզէի, որ իմ անհամաձայնութիւնս զձեզ ողոքէ եւ արգիլէ Ձեր քննադատութիւնն հրատարակելու։ Թո՛ղ որ հակառակ պարագային կարող էք ինձ լոկ նամակով աւելի օգտակար ըլլալ։

Խորհուրդներով՝ Ձեր իմ վրայ ունեցած ազդեցութիւնը անուրանալի է։ Գրեցէք, հոգ չէ, թէ երկտող մը, Ձեր մէկ բառը պարբերութիւն մը կը շինեմ։

Կ՚ուզէի Ձեզ մի քանի տեղեկութիւններ տալ Մուրատ-Ռափայէլեանի մասին. ուրիշ առթիւ։

Դերենիկը ինձ տխուր նամակ մը գրած էր. եղբայրը անկարելի է իրեն դրամ հասցնէ եւ ինք անորոշ վիճակի մէջ Վենետիկ կ՚ուզէր վերադառնալ… Անկէ ի վեր նամակ չառի. հասցէն որոշ չեմ գիտեր։ Խորապէս ցաւալի է, եթէ ոեւէ միջոց չգտնէ։ Չերկարեմ։

Սիրալիր բարեւներով՝
[Դանիէլ Վարուժան]