Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

64. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

23 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

«Անահիտի» համար կ՚ուղարկեմ քերթուած մը գարնան վերջը յղացուած եւ աշնան սկիզբը քանդակուած։ Եղանակներու այս հեշտօրօր եւ մելամաղձիկ յաջորդութիւնը բանաստեղծութեան մէջ պիտի գտնէք եղած յաջողութիւն հոգեկան երկու յարակից վիճակներու։ Ի՞նչ է Ձեր դատողութիւնը անոր արուեստին նկատմամբ. եթէ ժամանակ ունենաք՝ գրեցէք, գրեցէք միեւնոյն ժամանակ «Մարած օճախի» մասին, զոր այսօր կ՚ուղարկեմ «Բազմավէպին». հայրենական հին յիշատակներէս դրուագ մըն է՝ իր բոլոր գծերուն մէջ խտացուած։

Կը ներփակեմ… «Մեղքը».

Եւ կը մնամ Ձերդ
բարեւներով Դ. Վարուժան