Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

133. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

2 ապրիլ, 1909, Կանտ

…Հիմա նոր հատոր մը պատրաստելու ձեռնարկած եմ` զուտ ապրուած կեանքէ, քիչ մը աւելի վերլուծող, աւելի խորիմաստ եւ հոգեբանական երգերով։ Հայրենասիրականներուս խմորը աւիւնովս եւ զուտ կրակով շաղուած եմ. ան՝ ժողովուրդին զանգուածին համար եղաւ. massa-ին ուզեցի խօսիլ։ Այս պատրաստելիք նոր հատորս կ՚ուզեմ, որ հոգուոյս մտերիմ յոյզերը բացատրէ. սրտի ծիւրումը, ջիղերու կծկումը, ինծի իսկ անծանօթ տրտում փղձկումները եւ այն կապարաթոյր ձանձրոյթը, որ սիրոյ ժամերուն մէջ, ժամանակը սպաննել ուզելով՝ զայն աւելի կը սնուցանէ, եւ այն յուսահատութիւնը, որ իմ գոյութիւնս իսկ ստէպ ինծի ծաղրելի կը դարձնէ։ Այս բոլոր յոյզերը, զոր կ՚երեւակայեմ, թէ ամէն դիւրազգած մարդ էակ ունեցած պիտի ըլլայ, պիտի կազմեն մէկ կարեւոր մասը այդ հատորին։ Ա՜հ, որքա՜ն պիտի ուզէի Մարդ էակին գիրք գրել։ Տարեցոյցիդ համար ներփակած քերթուածս՝ «Լքում», զոր ունեցածներուս մէջէն հրէայի մը պէս խծբծօրէն ընտրեցի՝ մէկն է այդ տեսակ մտերիմ երգերէն։ Գուցէ նկատես կամ լաւ եւս՝ պիտի բաղձայի, որ նկատես թէ անոր մէջ չեմ կրցեր դեռ ճարտար կերպով նկարել յոյզերուս դժնէութիւնը, ասկէ՛ վերջ պիտի սկսիմ ինքզինքս ճանչնամ։ Հայրենիքը զմեզ մեր անձէն խիստ հեռացուցած է։ Պէտք է մեր սրտին նշխարները, որոնք երեք միլիոն ժողովրդին մէջ բաժնուած են, հաւաքել, կեդրոնացնել մէկ կուրծքի տակ, եւ զգալ իր սեփական Կեանքը, գոնէ նուազ ժամանակուան մը համար՝ ի սէ՜ր Արուեստին, ի սէ՜ր Կեանքի Երգին։

Քոյդ Դ. Վ.