Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

106. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

2 [փետրուար], 1908, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Չարչրկող «ցնցղատապ» մը արգելք եղաւ ինծի՝ ժամանակին Ձեզի շնրհակալութիւնս յայտնելու «Պէշիկթաշլեանի» մասին, սիրով նուիրուած եւ սիրով ընդունուած։ Երկը գեղեցիկ է ու մանաւանդ հիւթեղ։ Հիացո՜ւմս քննադատի Ձեր ձիրքերուն, որոնց վրայ կ՚աւելցնէք հմտութիւններու պաշար մը։ Միթէ՞ արդչափ Դուք բանաստեղծները կը սիրէք. Ձեր քննադատութիւնը մերթ բացարձակ պաշտումի մը կը փոխուի, երանի՜ թէ ան խեղճ Մկրտչի ոսկրները գերեզմանին մէջ սփոփէր։

Այսօր ստացայ նաեւ «Անահիտը»։ «Ջարդին» տառը գեղեցիկ է, շատ սիրեցի։ Քանի մը տպագրական անկարեւոր սխալներու վրայ չեմ խօսիր։ Հետաքրքիր եմ, թէ արդեօք հասարակութիւնը պիտի սիրէ այդ երգը. իր Արիւնն է, զոր ջանացած եմ վերապրեցնել. անէ՜ծք գլխուս՝ եթէ խորթացուցած եմ զայն:

«Արմէնուհիին» մէջ կան, կ՚ըսէք, թերութիւններ եւ բաւական շատ։ Երբ ազատ ժամանակ մ՚ունենամ՝ աչքէ կ՚անցնեմ անգամ մըն ալ։ Ձեր մատնանշած tirade-ը [1], որ որքա՛ն գուշակեցի հայ կոյսերու Մարմնին ուղղուած միջանկեալ մէկ երգն է՝ հակառակ Ձեր դիտողութեան, ինծի միշտ անքամահրելի կը մնայ. այդ պարզապէս կանացի Մարմնոյն ներբողիչ քանդակ մըն է։ Արդեօք չըլլայ թէ երկդիմի հասկցած ըլլաք՝ գուցէ իմ արտայայտելու ձախաւեր կերպիս պատճառաւ։ Վերջապէս այն իր տեղը միշտ լաւ ագուցուա՛ծ դեռ ինծի կը թուի։

Ձեր յանձնարարած գրքերը սիրով պիտի կարդամ, թէպէտեւ մէկ մասը կարդացած եմ արդէն, ինչպէս մասնաւորապէս Le Conte de Lisie. քերթուածները լաւ տաշուած են ու լաւ երփնուած։ Արուեստի կրթիչ վարպետ կրնայ ըլլալ, որուն համար կը նշանակէք։ Բայց դժբախտաբար գրչին մէջ իր հոգին անմասն է, ինչ որ չեմ սիրեր։ Նման են իր ոտանաւորները այն մարմարեայ ամայի պալատներուն, որոնց ճերմակ սիւներուն մէջէն ցուրտ քամին կ՚անցնի միայն։ Ամէն շեշտի պէտք է, որ սիրտը կաթիլ մ՚արիւն հոսէ, մինչեւ որ քերթողը իր գործին առջեւ յիսուսօրէն կանգուն հիւծի վերջանայ եւ իր յետին բառը՝ տժգոյն շրթունքներուն վրայ ո՛չ ոք կարողանայ լսել։ Թէպէտեւ այս վերջնական պայմանը չէ մեծագոյն քերթող մ՚ըլլալու։ Որչա՜փ կը նախանձիմ այն Անհասանելիքներուն, որ բոլոր տարրերը իրարու շաղուած միացուցած են։

Նոր նշանակալից բան մը չեմ գրած։ Աղօթք մը միայն առ «Վահագն». թերեւս «Բազմավէպին» հրատարակութեան տամ։ Հեթանոս կեանքը օրէօր զիս կը գրաւէ. եթէ այսօր կարելի ըլլար՝ կրօնքս կը փոխէի եւ սիրով կ՚ընդգրկէի բանաստեղծական հեթանոսութիւնը։ Յուդայականութիւնը անգոյն է՝ թէպէտեւ մարգարէները զայն մասամբ գեղեցկացուցած են։ Հին երկերով շրջապատուած եմ. ո՜ւր էր թէ հրաշքով այս միջակ վիճակէն փոխուէի եւ Թինտար մը, կամ Եսայի մ՚ըլլայի։ Անշուշտ կը ժպտիք այս կատակներուս թէպէտեւ հոգիս միշտ տխուր է այս աբեղայի մենութեանս մէջ, եւ ժպտելու ամէն ճիգդ ինծի բռնազբօսիկ ու այլեւս անկարելի կը դառնայ… Չերկարեմ… Կ՚զգամ, որ նամակս իր օրինաւոր շաւղէն կ՚ելլէ։

Ընդունեցէք սիրալիր բարեւներս

Միշտ Ձերդ
Դ. Վարուժան



[1] Հատուած: