Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

30 դեկտ., 1905, Կանտ

Սիրելի Դերենիկս,

Բիզայէն ղրկած քարտդ ալ առինք։ Անոր պատասխանը չգրելուս չեմ ուզեր պատճառ մը փնտրել. այդ գիտակցաբար էր, որուն բացատրութիւնը ուրիշ ատեն։

Արձակուրդդ վարժարանն անցնելուդ ուրախ եմ. իրաւունք ունիս. կարօտ ըսուած զգացում մը գոյութիւն ունի միշտ։

Եթէ Գր. Տեօքմեճեանին վրայ լուր ունիս՝ հաղորդէ. իրմէ քաղցր յիշատակներ ունիմ, որոնք ծնունդ չեն երբեք մեր երեք տարուան դասընկերութեան, այլ վերջին երեք ամսուան բարեկամութեան։ Իսկ քու թողած յիշատակներդ՝ ճիշտ ասոր հակառակ կարգով։ Բայց միշտ Դերենիկն ես, մի՛ կասկածիր, որ իմ եղբայրական սէրս երբեք վրայէդ նշանախեց մը պակսած ըլլայ։ Միշտ եղբայրս ես՝ ըլլաս դեմոկրատ, ըլլաս արիստոկրատ։

Կը ժպտի՞ս. փոխադա՜րձ։

Կը խնդրեմ, որ երբ Բիզա երթաս, քաղքին գեղարուեստներուն եւ քու աշխատութիւններուդ մասին գրես. որչա՛փ կրնաս տեղեկութիւն տուր ինծի. տողերուդ մէջ քրքրէ հոգիդ եւ միջավայրդ, երկուքն ալ շահեկան են։ Տօգթօր Պազարճիին հասցէն գիտես. «Անահիտի» յունուարի թիւին մէջ քերթուած մ՚ունիմ իրեն ուղղուած, «Հայ բժիշկը» խորագրով։ Չգիտեմ ինչպէս Ա. Չօպանեանին հետ սերտ թղթակցութիւն հաստատեցինք. նամակներէն դատելով՝ խիստ ազնիւ անձ կը թուի, թերեւս «թերթէն» հակառակը ենթադրուի. գրութիւններուս խիստ կը հաւնի. անոնց մէջ յղացումի եւ լեզուի բարձրութիւն կը գտնայ. բայց ես կը կարծեմ այս ամէնը խրախուսելու համար են, եւ չափազանցութիւն։

Իմ Կանտի ուսանողութիւնս քիչ թէ շատ Գարեգինին պատմած եմ, թող հաղորդէ քեզ։ Հոս տեղի աշխատութիւնս քիչ մը չափազանց է. արձակուրդնիս 10 օր է. ենթադրէ։

Բարեւներս հաղորդէ ամէնուն, թող չցաւին, որ իրենց յատուկ քարտ չեմ գրեր, այն ատեն հարկ պիտի ըլլար 80 նամակ ղրկել, ծայրը չգար. իսկ մէկին գրել, միւսին չգրելն ալ չեմ սիրեր. բաժանման օրս ոմանց արտայայտած ընկերական գորովը եւ պատրաստութիւններուս մէջ նիւթական օգնութիւնը չեմ մոռնար, երբ կը յիշեմ, միշտ կը յիշեմ. նամակ մը այդ յիշողութեան գուցէ վերջակէտ մ՚ըլլար։

Նահապետին եւ Մկրտիչ Պարտիզեանին ողջոյններս, իրենց ազնւութիւնը հասկցած եմ՝ գուցէ իրենք մոռցած ըլլան։ Յակոբ Պայաճիին եւ Սարգիսին յատուկ բարեւներ, եթէ գեղարուեստական լաւ քարտեր գտնամ հոս կը ջանամ ղրկել։ Նաեւ բարեւներ Գամպուրին, Մարմարին, Գոզմոսին, Հայկին, Յակոբ Գոնտաքճեանին եւ ուսանողներուն։

Գարեգինին յատուկ չպատասխանելուս թող ներուի. ուրիշ առիթով կը գրեմ. իր խորհուրդը կը կատարեմ, տղայական խնդիրներով զբաղիլ չուզելուս համար։ Հօրմէս նամակ կ՚առնեմ, կը վախեմ, որ Պոլիսը դարձեալ արեան քաոս պիտի դառնայ. զայս ենթադրելու բաւական փաստ ունիմ մտքիս մէջ։ Չ՚երկարեմ։

Երկուքիդ ալ համբոյրներս ձեր երկու ինձ սիրելի ճակատներուն։

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան