Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

31. ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻՆ

3 մարտ, 1906, Կանտ

Ամենասիրելի բարեկամ

Վահան Թէքէեան,

Մեծ ուրախութեամբ ստացած եմ Ձեր նամակը, բայց «Շիրակը»՝ ո՛չ. գուցէ խոտորած ըլլայ իր ճամբան հոգ չէ։

Զգացումները, զոր չորս էջերու մէջ կը թափէք, Ձեր կուրծքին տակ կը մատնեն հոգի մը խանդոտ ու ազնիւ եւ սիրտ մը՝ միշտ ընդունակ համակրելու եւ համակրուելու։ Գեղեցկութիւնը, զոր քերթուածներուս մէջ կը գտնաք, ես կարծեմ Ձեր նայուածքէն կը ծնանին, Ձեր արդէն իսկ սիրուած բանաստեղծի հոգւոյն պատկերը կ՚ըլլայ ցոլացած այդ հայլիին մէջէն։

Ինձ կը գուժէք ղրկած քերթուածիս՝ Վերածնութեան վերավախճանումը ։ Այդ մասին երբեք առիթ չունիմ ցաւելու. արդէն երբ զայն Ձեզի յանձնեցի, յանձնեցի Ձեր լիազօր դատողութեան։ Միայն՝ իբրեւ միշտ մերժուածներու պաշտպան, խորհուրդ պիտի տայի զայն հրատարակել, թերեւս ան ալ իր սիրողներն ունենայ, երբ մամուլէն ճառագայթ մը իյնայ անոր ճակտին, որուն միակ տգեղութիւնը իր նսեմ ըլլալն է։

Իսկ ներփակեալ ղրկածներս յուսամ, թէ զիս ճերմակերես պիտի հանեն։

Վերջերս սկսած եմ ամբողջովին Հայաստանի վրայ հատոր մը պատրաստել. պատճառը այս է՝ անոնց երեքին ալ հայրենասիրական ըլլալուն:

Սա քաոսային օրերուն մէջ յիշատակներովս կենդանի, արիւնը արեւէն աւելի ներշնչող կը հանդիսանայ ջղերուս։

Զիս կը խրախուսէք եղբայրական անկեղծ թափով մը՝ առանց ընկրկումներու շարունակել երգի ճամբան։ Եւ ես Ձեր լաւատես քաջալերանքին մէջ կը գտնեմ կանաչ ոստ մը ապագային իբրեւ սեմ զետեղուած։

Վերջերս Ձեզ ուղարկած եմ օրինակ մը «Սարսուռներէն»։ Խնդրեմ ընդունեցէք իմ այդ փոքրիկ նուէրս։ Անոր ծաւալին փոքրութիւնը հակառակ կամքիս եւ փափաքիս եղաւ. Վանքը չուզեց հրատարակել՝ անոնց շեշտերը գայթակղեցուցիչ գտնալով իր [հնադարեան կուսութեան] եւ պահպանողականութեան ։

Համբերութի՜ւն։

Նամակս վերջացնելէ առաջ, անգամ մը եւս շնորհակալ կ՚ըլլամ ձեռքի այն գօտեպնդող սեղմումին, որ առջի հեղ ըլլալով գրականութեան ճամբուն վրայ կարկառեցիք ինծի։

Եւ կը մնամ հարազատի մը անձնուիրութեամբ։

Ձերդ՝ Դ. Վարուժան