Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

43. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

5 մայիս, 1906, Կանտ

Սիրելի տօքթ[օր] Պազարճեան,

Եթէ Ձեր քարտին ուշ կը պատասխանեմ՝ անոր համար է, որ զբաղումներս արգելք կ՚ըլլան հաճոյքներուս։ Քանի որ ինծի ամենամեծ հաճոյք մըն է (թող թէ կրթիչ ալ) Ձեզ հետ թղթակցելու։ Չգիտեմ թէ ի՛նչ հանգամանքի մէջ կը գտնուիք արդ։ Կը տեսնամ որ պարագաները, յուսադրական թէ ջլատիչ, վայրկենէ վայրկեան միշտ կ՚ալեծփին Ձեր կեանքը։ Նոյնը կը հանդիպի ինծի ալ, բայց ոչ դրականապէս, այլ սեւ ցնորքներու խոշորացոյցին ազդեցութեամբ. գէթ այնպէս կ՚ապահովցնեն զիս։

Աշխատութիւններս կը շարունակեմ ընդհանրապէս դասերուս եւ երազանքիս շրջագծին մէջ։ Վերջերս այցելեցի Անվերս եւ Պրիւքսէլ. Ռիւպենսի, Ժորդանսի (Ուիրցի) եւ Վան Տիքի ու Պրիւքսէլի ճարտարապետութեանց հանդէպ ունեցած տպաւորութիւնս հոս Ձեզ պիտի չըսեմ տեղի անձկութեան պատճառաւ. ֆլաման արուեստին իրապաշտ մեծութիւնը լիազօր է։

Ինծի միշտ գրեցէք Ձեր՝ Պալքաններ երթալու մտադրութեան եւ Ձեր conférence-ներու պատրաստութեանը վրայ. Ձեր ամէն ըրած քայլին՝ տոկունութիւն կը մաղթեմ։

Մէջս բարեկամէ մ՚աւելի հարազատ մը գտէք, որ կարող է իդէալ հոգիները հասկնալ։

Դ. Վ.