Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

152. ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊԻՆ

5 մայիս, 1910, Սեբաստիա

Սիրելի եղբայրակից,

Ընդունած եմ նամակդ։ Խորապէս շնորհակալ եմ գնահատական տողերուդ։ Բանաստեղծի մը կողմէ ջատագովուիլը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի, քան թէ մէկէ մը։ Եթէ նկատի առնես մեծ վարդապետները՝ Ալիշանէն մինչեւ Մետեխու կալանաւորը, պիտի տեսնես, որ իմ լարերս սէզերուն պէս են, որ շուտով պիտի խամրին օր մը մատերուս ներքեւ։ Այնուհանդերձ մաղթանքներդ ապարդիւն պիտի չհանեմ եւ հաւատարիմ պիտի մնամ Մուսային, որ Ոլիմպոսի հրեղէն կատարներէն չէ որ կու գայ, այլ այն խոնարհ բլրակներէն, ուր աղբիւրներու քով օրօրանս օրօրուեցաւ։ Շատ շուտ՝ մեր մեծ գործը պիտի ըլլայ արդի պոլսահայ բանաստեղծութիւնը իր անջիղ եւ անարիւն կեանքէն թօթափել, եւ քիչ մը կենդանութիւն ներարկել անոր երակներուն մէջ մեր իսկ սրտէն։ Այդ գործին ատակ ուրախ եմ տեսնել քեզ եւս, եւ կը մաղթեմ աւելի սպառազինուիլ գաւառի երիտասարդ բնութենէն եւ մարդերէն՝ հնչեցնելու համար միահամուռ առողջ երգը, շեփորումը Արուեստին յաղթանակին, որ յաղթանակը կրնայ ըլլալ նաեւ ժողովուրդին սրբատաշ նկարագրին։

Ներեցէք, որ երկար պիտի չկրնամ գրել։

Ես ջերմօրէն եւ կրկին շնորհակալ եմ այն շատ մտերիմ շատ տաք եւ սրտէ թելադրուած նամակին, որ ինծի հաստատ հաւատացուց, որ քնարակից բարեկամ մը շահեր եմ։

«Գաւառի[ն] տարեցոյցին» համար կը ներփակեմ քերթուած մը, նոր շատ բան մը գրած չըլլալով հանդերձ։

  Ընդունէ սիրալիր բարեւներս։

Դ. Վարուժան