Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

165. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

28 նոյեմբ., 1910, Սուազ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Անհամբեր սպասելէ վերջ Ձեր լուրերուն՝ վերջապէս ստացայ նամակնիդ։ Կ՚երեւայ, թէ իմ նախապէս գրած նամակս ձեռքերնիդ չէ հասած, որուն մէջ կը խնդրէի Ձեր լուրերը՝ չմտատանջուելու համար Ձեր երկար լռութենէն եւ կը յայտնէի իմ ամուսնութիւնս գաւառի հայ աղջկան մը հետ, որ կը խորհիմ, թէ զիս երջանիկ պիտի ընէ թէ՛ իր արտաքինով եւ թէ հոգեկան եւ մտաւորական ինչ-ինչ բարեմասնութիւններով։

Շատ վշտացանք՝ լսելով Ձեր հիւանդութիւնը. կը մաղթենք կատարեալ բուժում, զի Ձեր կեանքը թանկագին է բոլորիս համար։

«Հրաշքին աղբիւրը» դարձեալ կ՚ուղարկեմ. եւ կը մնամ խորին սիրով     

Ձերդ
Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Ներփակեալ քերթուածները հեղինակին կողմէ ղրկուած են ինծի, որուն ճիշդ անունն է Լուդուիկ Մինասեան։ Կը խնդրէր ինձմէ գնահատման պարագային՝ հանդէսի մը ղրկելու զանոնք։ Ես ալ փոխադարձաբար Ձեզ կ՚ուղարկեմ, եթէ սիրէք՝ հաճէիք հրատարակել ի քաջալերութիւն նորեկ քերթողին։

Նոյն