Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

145. ԳԱՌՆԻԿ ԳԼԸՃԵԱՆԻՆ

17/30 նոյեմբեր, 1909, [Բրգնիկ-Սեբաստիա]

Սիրելի Գառնիկ.

Նամակդ ընդունած եմ։ Երանոսը ընդուներ է նաեւ 70 ֆրանք եւ թէ 50-ը։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ՝ կը զարմանամ։ Ինչ որ է, խնդիրը փակենք այլեւս։ Եւ ես խիստ կը ցաւիմ, եթէ երբեք այդ մասին գրած նամակս վիրաւորած է քեզ։ Հոս կ՚զբաղիմ ուսուցչական պաշտօնով։ Բանախօսութեանցս շարքը սկսած եմ տալ խիստ յաջող եւ մրրկոտ։

Տակաւին մէկ քերթուած մը գրած եմ Տաճկաստան գալէս ի վեր՝ «Հրաշքին աղբիւրը»։ Յաջող։ Նուագդ լաւ սորվէ, յաջողութիւն կը մաղթեմ, եւ սիրտս կը ճմլի, երբ կ՚իմանամ թէ արգլելքներ կան լարերդ կաշկանդող։

Քաջութուն, սիրելի Գառնիկ, հարկաւ օր մը վերստին ճակատդ կը համբուրեմ։

«Հացին երգը» գարնան դէմ պիտի սկսիմ։ Այդտեղի ընկերներուս բարեւ ըրէ եւ ըսէ որ չվշտանան լռութենէս։ Սաստիկ զբաղուած եմ, սաստիկ։ Նոր լուր մը. զինուորագրուած եմ։ Քանի մը ամիսէն cazerna-ներու վառօդային մթնոլորտը կը ծծեմ։ Ի՜նչ առողջութիւն թոքերու համար. խե՜ղճ քերթող։ Ընդունէ համբոյրներս։

Քոյդ
Դանիէլ Վարուժան