Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

117. [ԱԹԱՆԱՍ ՏԻՐՈՅԵԱՆԻՆ]

[4-5 օգոստոս, 1908, Թորին]

[Վերապատուելի Հայր]

Քննութիւններս վերջացնելէ յետոյ փափաքեցայ Իտալիա անցնել՝ քիչ մը հանգստանալու համար երկնքի մը ներքեւ, որ մինչ ցարդ կորով եւ ներշնչում ծորած է միայն երակներուս մէջ. Վենետիկ անկարելի եղաւ անցնել. ուսանողներուն առջեւ վարժարանը կամ Վանքը պղնձէ դռներով քրմերու մեհեաններուն նման պատնեշուած ըլլալով, ուստի անցեալ տարուան նման դարձեալ տարին անցայ իմ սրտակից Դերենիկին քով, որոյ շուրջը պիտի դառնայ այս նամակս։

Սիրելի Հայր, մինչեւ ցարդ Մուրատ-Ռափայէլեանի եւ Մխիթարեան շրջանակին մէջ անցած խնդիրները, որոնք սերտօրէն առնչութիւն ունէին ազգին սերունդին հետ, զիս շատ հետաքրքրեցին՝ մերթ զայրացնելով մերթ ճմլելով սիրտս։ Բայց ամէն ջանք ըրի անձնական պոռթկումներս զսպել այն ամէն տգեղութիւններուն, գողութիւններուն, բոզութիւններուն եւ այլանդակ մաքիաւելականութիւններուն առջեւ, որոնք եկան Մխիթարի եւ Ալիշանի եւ Մուրատի շեմը պղծել։ Վանքին մէջ քանի մը առողջ գանկերու վրայ միշտ յոյս ունեցած եմ եւ սպասած եմ անոնց ձեռնարկներուն մէջ համոզումներուս յաղթանակը տեսնել՝ ես ինքզինքս նուիրելով միայն դասերուս, զարգացումիս եւ ողորմելի, բայց մտերիմ Մուսայիս։

Այս բոլորին վրայ Ձեզ այսօր պիտի չխօսիմ։ Պիտի առնեմ միայն ամէն անիրաւուածներէն զոհ մը միայն, զոհ մը, որուն հոգւոյն մաքրութեան վրայ բոլոր առանձնաշնորհեալները պիտի ամչնան։

Խօսքս Դերենիկ Ճիզմեճեանի վրայ է։ Այն մաքուր եւ անկեղծ ուսանողը, զոր այսօր Վանքէն կամ Վանքին միջոցաւ Ձեզմէ տգեղօրէն աքացուած է։ Մաքուր եւ անկեղծ ըսի։ Վեց-եօթ տարուան մտերմութեանս մէջ այնքան ճանչցած եմ զինքը եւ այնքան հիացած իր վրայ, որ Ձեր բոլոր, բոլոր, բոլոր ուսանողներուն մէկ հատը կ՚ընտրեմ իբրեւ տիպար հայ, կարող միտք եւ արդարադատ հոգի՝ արդարադատ լեզուով հայելիացած։ Այլապէս պիտի ըսեմ՝ մեր տաճկահայ փոքրիկ Լէոն իր քանի մը մասնայատկութիւններուն նկատմամբ։ Այս գովասանքս չկարծէք, թէ ընկերասիրութեան մը արդիւնք է։ Ես իմ փաստաբանի ճիւպպէս ձեռքի սեղմումով մը չեմ ծախեր։ Միտքս դատած էր եւ սիրտս կը խշխշայ իր մասին գործուած այն անիրաւութեան դէմ, որոյ արժանի կը գտնեմ այսօրուան Մուրատ-Ռափայէլեանի ուսանողներուն կէսը, բայց ոչ Դերենիկ Ճիզմեճեան մը։

Երբ իրեն խաղցուած տխուր խաղին ունկնդիր եղայ, չկրցայ վաթսուն անգամ բռունցքս չսեղմել՝ ըլլայ Ձեզ դէմ, ըլլայ ուրիշներուն դէմ, զոր սիրած եմ եւ միշտ պիտի սիրեմ, վասնզի, վերջապէս, Ձեր հոգւոյն առաջնորդութեամբն է, որ լոյսէն բառ մը հեգած եմ ատենօք։ Չկրցայ չմեղքնալ բարերարներուն հայորդիներուն սահմանուած քրտինքը, զոր, տխուր է մտածել, կը շնորհուի եղեր այնքան մակաբոյծներու առատօրէն, մինչդեռ կը զլացուի առանց իրաւունքի մէկու մը, որ թէ՛ իր նկարագրի եւ թէ իր մտքի զօրութեամբ լիուլի արժանի է։

Այս պարոնը ամբողջ տարի մը դասերուն շարունակելէ վերջ, քննութիւները յաջողութեամբ տալէ վերջ բռնել կտրել ամսաթոշակը՝ տալով 400 ֆրանք եւ առնելով երեխայաբար ստորագրութիւն իրմէ, որպէսզի չհետմտի ոեւէ նպաստի՝ կատարեալ կատակերգութիւն է, որուն մէջէ լուրջ միտք մը շատ դիւրաւ կրնայ տրամի մը նիւթը հանել։ Իհարկէ 400 ֆրանք գոնէ առնել իրաւունքով աւելի լաւ է, քան թէ բոլորովին իրաւունքէ մը կտրուիլ։ Բայց այս չէ խնդիրը, խնդիրը այն է, թէ ինչո՛ւ համար երիտասարդի մը գլխուն այս խաղը խաղցուի եւ այսօր զինքը ձգուի իր բախտին, երբ ան իր արժանիքով ամբողջ երեք տարի իրաւունք ունի ուսանող ըլլալու։ Ըսէք խնդրեմ, միթէ չէ՞ այս գայթակղեցուցիչ, չէ՞ միթէ ըմբոստեցուցիչ։ Երբ մանաւանդ բաղդատենք այս շնորհազրկութեան հետ։ Կամ մենք միտք չունինք, կամ այս այսպէս ընողները սիրտ չունին։ Սիրտ չունին, վասնզի միայն պէտք էր տեսնել այս արժանաւոր եւ կարող երիտասարդը, թէ հոս Թորի[նի] մէջ ինչ չարքաշ եւ միանգամայն ինչ հպարտ կեանք կ՚անցնէ։ Հոգեկան հպարտութիւն մը, որուն արժէքը ամէն անպղտոր հոգի պիտի ճանչնայ։ Հոս՝ Թորի[նի] մէջ քիչ մը ինքնազարգացում ձեռք բերելու, զարգացած մտնելու համար Հայաստան, այս պարոնը գիտէք ի՞նչ կեանք կ՚անցնէ։ Այս պարոնը Մուրատ-Ռափայէլեանի ուսանողներուն, իր դասընկերներուն ճաշ կը պատրաստէ եւ այսպէս գոնէ իր սնունդին գինը կը հանէ։ Ըսէք խնդրեմ։ Ձեր ո՛ր ուսանողը պիտի ուզէր թէ՛ ծառայութիւն ընել իր իրական ընկերներուն թէ՛ ուսում սովորելու ջանալ։ Այստեղ հայկական նկարագրին ազնւութիւնը եւ չարքաշութիւնը կայ, զոր պէտք է ճանչնանք եւ յարգենք, եթէ կ՚ուզենք, որ մեր հոգին անխառն ըլլայ աճպարարի եւ գնչուի արիւնէ։

Մինչ այս այսպես, անդին ի՜նչ գոյնով եւ ի՜նչ մորթով ուսանողներուն համար Մուրատի դրամը կը շահագործուի։ Ես այս աչքերով տեսած եւ այս ձեռքերով շօշափած եմ այսպիսի մակաբոյծներ, որոնք տարիներով նպաստ կ՚ընդունին՝ առանց համալսարանի մթնոլորտը ծծելու, եւ եթէ բոլոր տարիներու ընթացքին մէջ այդպիսիները մէկ գիրք բացած են՝ թող գրատան ամբողջ հատորները (ուր այս նամակս կը գրեմ) գլխուս վրայ թափին։ Կան այնպիսիներ, որոնք այսինչ սիրելիին կամ այնինչ ազգականին շնորհիւ նոյնիսկ Դերենիկ Ճիզմեճեան մը Մուրատին դրամի չգոյութեան պատրուակով լոլոզելէ վերջ, առատ առատ իրենց արժանիքէն աւելի թոշակներ ընդունած են՝ ջուխտակ-ջուխտակ՝ ամբողջ բանակով նոյնիսկ։ Մանրամասնութիւններու իջնելը դիւրին է, Հա՞յր, ոչ մէկ գաղտնիք սահմանած է փեշերով ծածկելու։ Բայց եթէ բան մը կ՚արգիլէ մեզ խօսելէ, այն խորունկ զզուանքն է, որուն դառնութենէն միտքը կը կրէ խորապէս։ Լռենք թուելէ այս օրինակները իրենց պատճառաբանութիւններով։ Բայց չէ կարելի լռել այս անիրաւուած զոհին առջեւ, որ Ձեզմէ այս վայրկենիս կ՚ուզէ, որ իր մասին արդարութիւնը գործադրուի։ Ան պատուով աշակերտ եղած է Մուրատ-Ռափայէլեանի եւ կ՚ուզէ պատուով ուսանող ըլլալ դեռ երկու տարի։ Եթէ արդարութիւնը կը յարգէք, եթէ բարերարներուն հաւատարիմ գործակատարն էք, եթէ գործուած սխալանքի վրայ ընկրկելու ազնուամտութիւնը ունիք, եթէ Ձեր պաշտօնավարութեան մէջէ կ՚ուզէք առանց արատի ելլել, շուտ կ՚ընէք պէտք եղած դարմանը, Դուք անձամբ ի գործ դնելով միասին Ձեր բոլոր ճիգերը յիշեալ երիտասարդին ուսման շրջանը ապահովելու նկատմամբ՝ կը ներկայացնէք մեր այս պահանջը Ուսումնական խորհուրդին ինչպէս որ է։ Վճռաբեկ ատեանի մը գործողութիւնն է, որ պիտի կատարուի։ Վասնզի Դուք այս պարագային մէջ բարերարներուն կամքին համեմատ չէք գործած, ղրկելով ուսանող մը, որ շատերէ աւելի իրաւունք ունի ամսաթոշակ ընդունելու, շատերէ աւելի կ՚ըսեմ եւ գիտեմ, թէ ինչ կ՚ըսեմ եւ կ՚երդնում ըսածիս վրա։ Կամ կ՚ընդունիք, թէ Դուք (Դուք ըսելով՝ մի կարծէք, թէ Ձեր անձը ունիմ աչքի առջեւ), կամ կ՚ընդունիք, թէ Դուք կոչուած էք միշտ զեղծումներ գործելու եւ յաւերժացնելու մինչ ցարդ գործուած ուրոյն, ուրոյն անիրաւութիւններուն շարքը եւ ոեւէ հաւատք չներշնչելու Վանքին վերածնութեան եւ կամ կը բեկանէք վճիռը եւ դարձեալ Դերենիկը իր իրաւունքին մէջ կը հաստատէք՝ այսպէս սրբագրելով զեղծում մը, որ կամայ թէ ակամայ մուտք գտած է։ Այս նամակը յուզուած է, որ կը գրեմ՝ ներկայ ըլլալով թէ՛ յիշեալ պարոնին դրութեան եւ թէ շատ ըմբոստեցուցիչ պարագաներու, որոնք կատարեալ contraste [1] կը կազմեն առջի խնդրոյն հանդէպ։ Ես կարծուածէն աւելի Մխիթարեանները կը սիրեմ։ Այս մասին Պէշիկթաշլեանի մը հոգին կ՚եղբայրանայ հոգիիս։ Բայց միթէ գծծութիւն չէ՞ չբողոքել…

[Դանիէլ Վարուժան]



[1] Հակադրութիւն։