174.
ԲԱՑ
ՆԱՄԱԿ
ընկեր
Մ…ին
12
մարտ,
1912,
Թոգաթ
Սէրովդ
բաբախուն
եւ
սրտիդ
արիւնովը
կարմիր
նամակներդ
ստանալէ
վերջ՝
անակնկալ
մը
եղաւ
վերջին
երկտողդ,
որուն
մէջ
կ՚իմացնէիր
Սուազի
մէջ
իմ
շուրջս
դարձած
քանի
մը
էակներու
քանի
մը
կռկռոցները։
Կ՚ողբայիր
այդ
հասարակութեան
գծծութեանը
վրայ
եւ
քու
անկեղծ
ընկերոջ
խրախոյսը
կու
տայիր
ինծի՝
այդպիսի
ստոր
զրպարտութիւններէ
բարձր
թառելու
համար։
Ո՜վ
Ցեխաքաղաք,
ո՞վ
պիտի
ողբայ
քու
անկումդ…
Շնորհակալ
եմ,
ընկե՛ր։
Ինչո՞ւ
ցաւիմ
անոնց
վրայ,
որոնք
քերթողի
մը
հոգին
ըմբռնելու
կարողութիւնն
իսկ
չունին։
Մենք
կ՚երգենք
կեանքի
բոլոր
երեւոյթները.
այսօր
կը
ծիծաղինք.
վաղը
կու
լանք.
այսօր
քահանայ
ենք,
վաղը՝
քուրմ.
օր
մը
թափառական,
օր
մը՝
արքայ,
օր
մը՝
սիրահար,
օր
մը՝
ատեցող,
բայց
իսկապէս
ո՛չ
մէկն
ենք,
այլ
մենք
մենք
ենք։
Աստուած
մեր
սիրտը
հայելի
մը
ըրած
է,
որ
հաւատարմօրէն
կը
ցոլացնէ
ամէն
ինչ՝
առանց
ամէն
ինչ
ըլլալու։
Եւ՛
այս
իսկ
պատճառավ
է,
որ
երբ
քերթողը
ծնանի՝
իր
հետ
կը
ծնանի
նաեւ
Աշխարհը
իր
գաղտնիքներով։
Ի՛նչ
փոյթ,
թէ
մարդիկ
մեր
երգերը
չեն
հասկնար.
մունջ
խխունջը
կրցաւ՞
ըմբռնել
իմաստը
պլպուլներուն
ձայնին։
Ի՜նչ
փոյթ,
թէ
մեր
երգը
կը
դիտումնաւորեն,
կը
ծռմռկեն
իրենց
կիրքերուն
համեմատ.
ո՞ր
օձը
չփորձեց
թքնել
արծիւի
մը
ճակատին
ու
յետոյ
չտեսաւ
իր
թուքին
իր
ճակատին
վրայ
իյնալը։
Ինչո՞ւ
ցաւիմ
անոր
վրայ,
որոնք
կը
զիջանին
իրենց
ճղճիմ
քէներուն
համար
սրբութիւններ
բամբասել,
սրբութիւններ,
որոնք
իմ
երիտասարդ
հասակիս
յաղթանակը
եղան
եւ
իմ
ընտանեկան
օճախիս
երջանիկ
մխիթարութիւնը։
Գորտերը
կը
կռկռան,
բայց
բոյները
կ՚երգեն
իրենց
խաղաղ
սիրալիրութեամբ։
Ինչո՞ւ
ցաւիմ
այն
բամբասանքներուն
վրայ,
որոնք
ստոր
են
նոյնիսկ
իրենց
բամբասանք
անունով,
որոնք
դարբնուած
են
գաւառի
ոչնչութիւններով
լեցուն
հոգիներէ,
այն
հոգիներէն
մասնաւորապէս,
որոնք
երբեմն
մաքրութեան
թեկնածու՝
այսօր
ապականութեան
ընտրեալներն
են։
Լաւ
գիտէք
անշուշտ
որ
այդպիսի
քսութիւններ
կրնան
ելլել
միայն
այն
արհեստական
հարկերէն,
ուր
բոզարածը
իր
կուռ
միսերուն
գարշանքը
կը
փռէ,
ուր
միամիտ
կոյսերու
շնորհքները
կը
սակարկուին
եւ
ուր
—
(ո՛վ
Մուսա,
ներշնչէ
քու
Ժիւուընալդ)
քերթող
մը
կը
փնտռեն
եղեր՝
վեր
առնելու
համար
իրենց
ամօթի
տերեւները…
դիմակները
ըսել
կ՚ուզեմ։
Դարձեալ
այսպիսի
քինախնդիր
եւ
նախանձայոյզ
բամբասանքներ
(անվայել՝
տղամարդու
համար)
կը
դարբնուին
այն
հարկերուն
մէջ,
որոնք
(կը
ստիպեն
ըսել)
շնակա՛ն
են
եւ
որոնց
մէջ
սիւիլիզասիոնը
(չըսեմ
սիֆիլիզասիոն
)
Ամերիկայէն
կու
գայ
իբրեւ
էշանթիյլոն
սան
վալեռռ
[1]
։
Վերջապէս
այնպիսի
հարկերէ,
որոնց
շեմերէն
«ՀՈՂԴԱՐԸ»
ներս
մտնելու
դժբախտութիւնն
ունի
եւ
այնպիսի
բարեկամներէ՞՞՞,
որոնց
հետ
քերթողը
ծանօթանալու
ապուշութիւնը
կ՚ունենայ
երբեմն,
բա՜յց
նաեւ
դաստիարակելու
անձնուիրութիւնը։
Չեմ
սոսկար
այդ
զէնքերէն,
այլ
կը
հեգնեմ
զանոնք,
վասնզի
կնկան
զէնքեր
են
անոնք։
Շուները
կը
հաչեն,
բայց
կարաւանը
կ՚անցնի։
Անկեղծ
ընկերդ
Դանիէլ
Վարուժան