Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

160. ԶԱՐՄԱՅՐ ԿԵԶԻՒՐԵԱՆԻՆ

10/23 սեպտ., 1910, Սեբաստիա

Յարգելի տէր Հայր

(Զարմայր ք[ահանայ] Կեզիւրեան),

Ընդունեցայ Ձեր նամակը եւ «Տաճարները»։ Ձեր բարեկամութիւնը վերստին գտնել երկար լռութենէ վերջ՝ որքան ուրախ առիթ, այնքա՛ն ալ տխուր է ինծի համար դժբախտ հանճարին մահուան պարագայով։

Թաղեցինք աչազուրկ Պատուելին. ա՛յն, որ լոյսը իր մէջ կը կրէր։ Շիրիմին մէջ մէկ ձեռքով ափ մը հող նետեցի իմ կողմէս, եւ մեխակ ծաղիկ մը՝ Ձեր կողմանէ։ Ան հետը տարաւ իր դժբախտ օրերը. իսկ Ձեզի կտակեց լաւագոյն եւ երջանիկ օրերը, Ձեզի՛ եւ իր մատղաշ Արաքսիին։

Դուք կորսնցուցիք հայր մը եւ Սեբաստիան՝ իր լաւագոյն զաւակներէն մէկը։ Երկուքդ ալ հաւասարապէս պէտք ունիք մխիթարանքի, գիտեմ։ Սակայն խորհեցէք, որ իր հոգին եւ իր անունը սերունդէ սերունդ պիտի ապրի, որքան որ հովերը թրթռացնեն աշուղական քնարներու լարերը լուսաբուխ, եւ որքան որ ճաճանչները թափանցեն ճակատները աստղապսակ գանկերուն։

Դուք չի լաք Ձեր հօր վրայ, քերթողը չլացաւ իր ալեւոր պապուն վրայ։ Երբ իր վերջին օրերուն մէջ իրեն ներկայացուցի քնարս, ան բարձրացուց դողդոջուն ձեռքը եւ մարգարէի պէս օրհնեց անոր լարերը, այն ատեն տեսայ, վշտագին Զաւակ, որ անոր քայլ մը միայն կը պակսէր Աստծոյ մօտ հասնելու, եւ այդ քայլն ահա գերեզմանին վրայէն ըրաւ։ Յարգա՜նք իր աճիւնին եւ յարգա՜նք Ձեր արցունքին։ Խորհեցէք, թէ Պատուելիին նման բանաստեղծներուն համար Մահը որս մըն է միայն, որուն իրենց մարմինը խայծ կու տան՝ իրենց հոգիով զայն աւելի յաղթահարելու համար։

Ձեզ վշտակցող
Դանիէլ Վարուժան