Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

62. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

20 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի տօքթ[օր] Պազարճեան,

Քարտերնիդ առի. ձեռագիրնին արդէն ուղարկած եմ յանձնարարեալ ապահովութեան համար։

Ո՛րքան շուտ պատասխանեմ՝ այնքա՛ն շուտ կը փոխարինէք, բայց ստէպ հետեւեալ կամ նմանօրինակ բացատրութեամբ (բացարձակապէս չեմ կրնար աւելի գրել. ժամանակ չունիմ) կամ (թող որ դրամ ալ չունիմ այդ մասին): Արդ կարծեմ բնական կու գայ, որ Ձեզ գրելու ջանայի քիչ առիթ տալ. ուստի, առանց միջանկեալ քարտի մը շուտ սկսայ Ձեր ձեռագրին պատասխանը գրել (որպէսզի Ձեզ առիթ ըլլայ մի անգամ պատասխանել), բայց ըլլա՛յ համալսարանի աշխատութիւններս, ըլլա՛յ հոս Պելճիքայի հայ ուսանողական միութիւն մը կազմելու մտատանջութիւնները՝ կամ հրաւիրած՝ ակումբի մը մէջ, հայոց վրայ կոնֆերանս տալու պատրաստութիւններս՝ զիս արգիլեցին զայն շուտ լրացնելու։

Բայց ինչո՞ւ այս փաստերուն դիմել. ես տգեղ կը համարիմ, որ բարեկամ մը ստիպեալ պիտի ըլլայ փաստ բերելու ինքզինքն արդարացնելու համար, թէ ինչո՞ւ ուշ կը պատասխանէ իրեն գրուած նամակներուն։ Ես բարեկամ մը երբեք դատաւոր նկատած չեմ, ո՛հ, ոչ։ Ես երբ մէկուն ձեռքը սրտանց կը սեղմեմ, իր մտքին գերակշռումներէն աւելի իր սրտին լայն եւ չքմեղող բխումները կ՚ուզեմ՝ հեռու բոլոր ստիպիչ ուժերէ։ Քաղաքավարութեան գերի չեմ գրեր Ձեզ, այլ զգացումէս։

Միշտ Ձերդ
Դ. Վարուժան