Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

151. ԳԵՐԱՍԻՄ (ԿԱՐԷՆ) ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻՆ

3 մարտ, 1910, Սուազ

Մեծարգոյ պարոն Գ. Միքայէլեան,

Կ՚ուղարկեմ քերթուած մը ըստ Ձեր խնդրանաց։ Կը խորհիմ, թէ ուշ կը հասնի ան Ձեր ձեռքը. պատճառը նաեւ Ձեր քարտին ինծի ուշ հասնիլն է։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր ձեռնարկին եւ կը յուսամ թէ «Գարունը» արդէն գարնան լոյս կը տեսնէ։

Յուսամ, թէ ոեւէ միջոցով ինծի կը գիտցնէք քերթուածին հրատարակուած կամ չհրատակուած ըլլալը։

Ընդունեցէք յարգանքներս

Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Մեկնած եմ գաւառ եւ հասցէս է.

Daniel Varoujan

ԲՐԳՆԻԿ-ՍՈՒԱԶ

PIRKINIK-SIVAS