Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

19. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

13 յունուար, 1906, Կան

Սիրելի Պազարճեան,

Ստացայ Ձեր քարտը։ Այն երգին ներշնչումը Ձեզի կը պարտիմ։ Լսած էի Փարիզ եւ այլուր հայ բժիշկներուն ըրած շահադիտական այլանդակութիւնները. ատոնց եւ Ձեր ազգասէր իղձերուն եւ ապագային մէջ՝ միտումներուն հակադրութիւնը ինծի ժայթքել տուին այդ շեշտերը։ Երկրորդ բժիշկի Ձեր պաշտօնը ուրախացուց զիս։ Շնորհաւորութիւններս։ Նամակներու քայքայիչ ազդումը մտասուզումի եւ երազանքի վրայ, զոր ինծի կ՚անդրադարձնէք՝ խիստ ճշմարիտ կը գտնամ անձնական փորձով։ Մեր թղթակցութեան տեւականութիւնը ես ժամանակին յաջող կամ անյաջող նպաստումին կը թողում։ Կը հարցնէք, թէ ի՛նչ կ՚ընեմ հոս։ Գրական եւ իմաստասիրական համալսարանի դասախօսութեան կը յաճախեմ։ Վերջերս սկսայ ճառախօսութիւններ ընել մեր ազգին վրայ հոս քանի մը ընկերութիւններու մէջ։ Յուսամ, թէ օգտակար պիտի ըլլամ հայրենիքին։ Դեռ կարդացած գիրքերս են Հիւկօ, Շեքսփիր, Լէոփարտի եւ գեղարուեստի պատմութիւնը։ Ձեր կարեւոր գրելիքներուն կը սպասեմ։

Ձեռքի սեղմումներով՝

Վարուժան

նոր հասցէս է՝

Daniel Tchiboukkear

Rue Metdepenningen N15

(Belgique) Gand