Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

150. ՍԻՄՈՆ ԵՐԵՄԵԱՆԻՆ

[Փետրուար-մարտ, 1910], Սուազ

Սիրելի Հայր,

Սիմ. վարդապետ Երեմեան,

«Դաշինքի» մէջ «Ցեղին սիրտին» մասին Ձեր ըրած գրախօսականով վերջապէս անգամ մըն ալ եկաք ապացոյցը տալու բարեկամական Ձեր ոսկի սրտին եւ ադամանդեայ զգացումներուն։ Շնորհակալ եմ ջերմապէս: Ի՜նչ մեծ բերկրանք ինծի համար, երբ գործս գնահատուեցաւ Ձեր գրչէն եւ վրձնէն։ Մանաւանդ այդ առիթով՝ Ձեր արթնցուցած Ազոլոյի յիշատակներս մեր կերած ողկոյզներուն պէս սիրտս ճմլեցին եւ անգամ մըն ալ գեղարուեստական այդ վայրերուն հայրենախտը բորբոքեցին մէջս։ Սուազ բնութիւնը ցամաք է, կեանքը՝ տխուր, եւ ես այժմ փոխանակ բանաստեղծութիւն ընելու՝ հռետորութիւն սկսած եմ ընել հոս։ Ընկերաքաղաքական պայքարն է, ուր սկսած եմ փոթորկուի՛լ։ Հիւկօն մոռցած եմ եւ սկսած եմ Դեմոստինէս կարդալ։ Օրհնեցէք զիս Ձեր բարեկամի անուշակ ձեռքերով։

Սիրով՝
Ձերդ Դանիէլ Վարուժան